Ուղղաթիռի Դէպքը Պիտի Քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Ժողովին

9341_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Այդ մասին յայտնած  է նախագահին  մամլոյ  ծառայութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին եւ կանոնադրական այլ մարմիններու միացեալ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրակարգերուն վերաբերող հարցեր, նաեւ  անդրադարձած են խորհուրդի նախորդ նստաշրջանին ընդունուած որոշումներուն  իրագործման ընթացքին:

Նիքոլայ Պորտիւժա հանրապետութեան նախագահին զեկուցած է կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, որոնց շարքին` ՀԱՊԿ-ի զինուորական բաղադրիչի զարգացման, ՀԱՊԿ-ի անդամ-պետութիւններու զինուորական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու զարգացման ծրագիրի իրականացման ընթացքին, ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան ընթացիկ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման կապուած հարցեր: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները  անդրադարձած են ուղղաթիռի դէպքին եւ  ատոր հետեւանքով յառաջացած իրավիճակին, որ, ըստ Նիքոլայ Պորտիւժայի, քննարկման առարկայ պիտի դառնայ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ  Սէյրան Օհանեանի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES