«Էն. Պի. Էյ.». Սիքսըրզի 15-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Սիքսըրզ - Նեթց մրցումէն

Սիքսըրզ – Նեթց մրցումէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, ցարդ որեւէ յաղթանակ չարձանագրած Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ կրեց իր 15-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Պրուքլին Նեթցէն, 99-91 արդիւնքով:

Ինչպէս կը յայտնէ ESPN.com կայքը, Սիքսըրզ այսպիսով կրկնեց իր ակումբին պատմութեան հակամրցանիշը:

1972-73 տարեշրջանին Սիքսըրզ նոյն ձեւով սկսած էր ախոյեանութիւնը` կրելով 15 յաջորդական պարտութիւն եւ տարին աւարտելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն վատ արդիւնքով` 9 յաղթանակ եւ 73 պարտութիւն:

Նշենք, որ ախոյեանութեան վատագոյն սկիզբը արձանագրուած է 2009-2010 տարեշրջանին, երբ Նեթց կրած էր 18 յաջորդական պարտութիւն:

Ստորեւ` կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

ՇԱԲԱԹ

Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ
Շարլոթ Հորնեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Եորք Նիքս
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Տենվըր Նակեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ

ԿԻՐԱԿԻ

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ
Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հորնեթց
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Միլուոքի Պաքս – Հիուսթըն Ռոքեթց

 

Share this Article
CATEGORIES