Թուային Ժամանակներու Մէջ. Իմոթիքոններու Զարմանալի Ուժը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ԻՄՈԹԻՔՈՆԻՆ ԾՆՈՒՆԴԷՆ 30 ՏԱՐԻ ԵՏՔ, ԱՅՍՕՐ, ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԺՊԻՏԻ ՆՇԱՆԷՆ:) ՄԻՆՉԵՒ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ «ՉԵՄ ԳԻՏԵՐ, ՀԱ՜ՀԱ՜» ԲԱՑԱԳԱՆՉՈՒԹԻՒՆԸ ՜\(՛_o)/՜,ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԻՄՈԹԻՔՈՆՆԵՐ ԿԸ ՎԽՏԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ: ՈՄԱՆՔ ՇԱՏ ՍԻՐԵԼԻ ԵՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ` ԶԶՈՒԵԼԻ, ԵՒ ԻՆՉՊԷՍ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ, ՈՄԱՆՔ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ ՇՐՋԵԼՈՒ ՄԵՐ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ:
Ամէն ինչ սկիզբ առաւ համացանցի վրայ անյարմար վայրկեանի մը: 1980-ական տարիներու սկիզբը համակարգիչի մասնագէտ Սքոթ Ֆալմըն անդրադարձաւ, թէ բառերը կը պակսէին իրեն: Երբ այլոց հետ կարծիքներ կը փոխանակէր համացանցի վրայ, ան հանդիպեցաւ դժուարութեան մը. մարդիկ չէին հասկնար, թէ իր հրապարակած կարգ մը խօսքերը կատակ էին:
Հետեւաբար օր մը ան միացուց վերջակէտը, գծիկը եւ փակագիծը` ստեղծելով այսօր բոլորիս ճանաչելի ժպիտի նշանը:

Թիւրիմացութենէ խուսափող ժպիտը:
Այնուհետեւ յայտնուած են հազարաւոր իմոթիքոններ, որոնք կը փոխանցեն զգացումներու եւ գաղափարներու բարդ եւ այլազան տարբերակներ: Իսկ ուսումնասիրողներ այսօր ի յայտ կը բերեն, թէ իմոթիքոնները մեր վրայ ունին այնպիսի ուժեղ ներգործութիւն, որուն չենք անդրադառնար, երբ կը գործածենք զանոնք: Իմոթիքոնները կրնան անսպասելի ձեւերով շրջել մեր որոշումները եւ վարուելակերպը:
Իմոթիքոններու տարողութիւնը հասկնալու համար բաւարար է այցելել Վլատիմիր Խոթուլեւի համացանցի կայքը: Անիկա նուիրուած է ճափոնական իմոթիքոններու, որոնք ծանօթ են իբրեւ քամոաճի. իմոթիքոնի տեսակ մը, որ օժտուած է մասնայատուկ այլազանութեամբ:
Իմոթիքոններու հաւաքածոյ կազմելը հաւանաբար արտասովոր նախասիրութիւն մըն է Պիելոռուսիոյ մէջ համակարգիչի ծրագիրներ պատրաստող Խոթուլեւի համար, որ կը բնակի զինք հմայած ճափոնական մշակոյթէն մղոններ հեռու: Սակայն ամբողջ տրամաբանութիւնը խտացած է նոյնինքն այս կէտին մէջ. իմոթիքոններու լեզուն զգացումներ կ՛արտայայտէ տիեզերական միջոցներով:
Ահա՛ թէ ինչպէս իմոթիքոնները կրնան կերպարանափոխել պարզ նախադասութիւն մը. այս մէկը ըսել կ՛ուզէ, թէ լաւ է մեր տրամադրութիւնը (տեսնել վարի նկարը):

Կը նշանակէ` լաւ է մեր տրամադրութիւնը:
Սակայն այլ իմոթիքոն մը կրնայ բարեւին հետ արտայայտել անձկութիւն եւ զայրոյթ (տեսնել վարի նկարը):

Կրնայ խորհրդանշել անձկութիւն կամ զայրոյթ:
Տարբերութիւնը հետեւեալն է. առաջին իմոթիքոնը կը պատկերէ գոհունակ դէմք մը, որ կը բարեւէ, իսկ երկրորդը կ՛արտայայտէ «զայրոյթի իբրեւ արտայայտութիւն` սեղան մը տապալելու» տրամադրութիւնը:
Խոթուլեւ կը վիճի, թէ իմոթիքոններ գործածելով` կարելի է շատ աւելի ուժեղ եւ այլազան հակազդեցութիւններ ստեղծել այն անձերուն քով, որոնց հետ կը զրուցենք համացանցի վրայ: Ան կ՛ըսէ, թէ իմոթիքոններու շնորհիւ ինք աւելի լաւ կը հաղորդակցի իր սիրած կնոջ հետ:
Խոթուլեւ միակը չէ, որ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ այս նշաններուն նկատմամբ: Օրինակ, Ռետիթի վրայ գոյութիւն ունի յատուկ «հաւաքավայր» մը, որ նուիրուած է իմոթիքոններու բացատրութիւնը յստակացնելու եւ նոր իմոթիքոններ առաջարկելու գործին: Կարգ մը իմոթիքոններ մէկ անձէն միւսը փոխանցուած են համացանցի վրայ եւ գրաւած են յատուկ դիրք: Օրինակ` «Լենի ֆէյս»-ը (տեսնել վարի նկարը):

Լենիի դէմքը կարելի է գործածել, երբ հասկցած ենք կատակ մը:
Առաջին անգամ համացանցի 4chan կայքին վրայ կազմուած Լենի ֆէյսին իմաստը շատ յեղյեղուկ է: Համացանցի վրայ կազմուող ռամկաբանութիւններու բառարան մը կը կատարէ գեղեցիկ բնորոշում մը. «Ամէն տեղ կարելի է գործածել զայն: Բոլորը լիաթոք կը խնդան, երբ կը հասկնան կատակին իմաստը»: Այս անբացատրելի յատկութիւնը առիթ կու տայ, որ կարգ մը խորհրդանիշներ ունենան իրենց «սեփականատէրերը». անձեր, որոնք կը հասկնան զանոնք եւ կը բաժնեն, ինչ որ կը նպաստէ հաւաքականութեան մը ստեղծումին, ուր հաղորդակցութիւնը կը կատարուի անանուն անձերու միջեւ եւ միայն` գրելով:
Կորսուած Իմաստներ
Թեքսասի համալսարանին մէջ ընկերաբանութեան դասախօս Պեն Էկըրի համաձայն, իմոթիքոնները շատ բան կ՛ըսեն համացանցի վրայ այլապէս հաղորդակցելու մեր կաշկանդումներուն վերաբերեալ:
«Իմոթիքոնները կը պարունակեն դէմ յանդիման կամ զիրար լսելով խօսելու նրբերանգները. այն նրբութիւնները, որոնք հիմնականօրէն կը պակսին մեզի, երբ կը հաղորդակցինք պաստառին միջոցով,- կ՛ըսէ ան:- Իմոթիքոնները կ՛օգնեն մեղմացնելու օտարումի վիճակը»:
Էկըր գրած է «Թեքսթինկ թաուրտ Եութոփիա» (թուային միջոցներով կապ` երազային աշխարհի հետ) վերնագիրով գիրք մը, որուն մէջ կը վիճի, թէ կ՛ապրինք «ամէնէն աւելի գրական ժամանակներուն մէջ». այնպիսի ժամանակներու մէջ, ուր մանուկներ եւ երիտասարդներ ի գործ կը դնեն գրելով հաղորդակցելու արտայայտիչ ուժը, կտրելով հեռաւոր տարածութիւններ եւ հակառակ ընկերային տարբեր ճնշումներու: Անշուշտ իմոթիքոնները հիմնական մէկ մասը կը կազմեն այս ձեւի արտայայտութեան:

Խանդավառ ենք:
Այժմ, երբ արդէն ընդունուած է իմոթիքոններու ընկերային կարեւորութիւնը, ուսումնասիրողներ սկսած են հետազօտել, թէ անոնք ինչպէ՛ս կրնան իրենց ներգործութիւնը ունենալ մեր զրոյցներուն վրայ: Օրինակ, վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ իմոթիքոններ կցուած են պաշտօնեաներու փոխանցուած ժխտական նկատողութիւններուն, անոնք աւելի դիւրութեամբ ընդունած են դիտողութիւնները, պայմանաւ որ յստակ ակնարկութիւններ բովանդակեն: Այլ ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ ուսանողներ կը մղուին համացանցի վրայ հաստատուած դասընթացքներու մասնակցնելու, երբ զանազան խումբերու միջեւ քննարկումներու ընթացքին իմոթիքոններ կը գործածուին:
Նոյնիսկ իմոթիքոններու գործածութեան ձեւը կրնայ որոշ տուեալներ արտացոլել մեր մասին: Օրինակ, կիներ հակամէտ են շատ աւելի յաճախ իմոթիքոններ օգտագործելու, քան` տղամարդիկը:
Երեւոյթը մտածել կու տայ, թէ այս խորհրդանշական կերպարներուն հետ մեր կապը աննշան չէ: Նոյնիսկ փաստուած է, թէ իմոթիքոնները յաւելեալ աշխատանքի կը մղեն մեր ուղեղը, այսինքն մեր ուղեղը կը սկսի գործել այնպէս, ինչպէս պիտի գործէր, երբ կը նայինք իրական անձի մը դէմքին:
Այլ խօսքով, մշակութային պատճառ մը կայ, որ մեզ կը մղէ ուժեղ կերպով հակազդելու իմոթիքոններուն: Անոնք իրապէ՛ս կը փոխանցեն բարդ եւ իմաստալից զգացումներ, այնպիսի յատկութեամբ, որմէ զուրկ են սովորական բառերը:
Ընկերային Խթաններ
Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ Դիմատետրի ընկերութիւնը մեծ շահարկումներ կատարած է պատկերներ պարունակող իմոթիքոններու կատարելագործումին մէջ: Անցեալ տարի Քալիֆորնիոյ համալսարանէն հոգեբան Տախըր Քելթնըր համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան այս հսկայ կեդրոնէն պատուէր ստացաւ ձեւագծելու շարժուն իմոթիքոններու նոր շարք մը` հետեւողութեամբ շարժուն գծանկարներու տիպարներու, որոնք ծանօթ են իբրեւ իմոճի եւ կ՛արտայայտեն զանազան զգացումներ, ինչպէս` «անձկութիւն» եւ «ընդվզում»:
Քելթնըր կը բացատրէ, թէ Դիմատետրը կը ձգտի գտնել նոր միջոցներ, որպէսզի մարդիկ կարենան ոչ բառային նոր միջոցներով հաղորդակցիլ իրարու հետ: «Մարդիկ որքան աւելի յաճախ իմոթիքոններ գործածեն, նոյնքան աւելի հաւանական է, որ հաղորդակցին իրարու հետ եւ պատասխանեն իրարու», կ՛ըսէ ան:
Քելթնըրի համաձայն, նման փորձարկութիւններ մտածել կու տան, թէ ապագայի իմոթիքոնները կրնան շատ աւելի բարդ մանրամասնութիւններ բովանդակել` մէկ խորհրդանշանի միջոցով ամբողջական զգացում մը արտայայտելու համար: Եթէ իմոթիքոնները կարենան խտացնել մեր սեփական արտաքին երեւոյթը, շարժուձեւերը կամ ձայնաստիճանը, ապա հաւանաբար կրնանք ստեղծել մեր ուրոյն յատկանիշները իրապէս խտացնող իմոթիքոններ` ձեւագծուած իւրաքանչիւր անձի համար, որպէսզի զայն գործածէ հաղորդակցելու համար իր ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ:

Շփոթած ենք եւ մեր ուսը կը թօթուենք:
Սակայն Քելթնըր կ՛ըսէ, թէ Դիմատետրը առայժմ հետաքրքրուած է իմոթիքոններուն ուժը խթանելով, որպէսզի մարդիկ կարենան յաղթահարել վիճակներ, զորս այլապէս պիտի չկարենային դիմագրաւել բառերով: «Կը փորձենք ստեղծել այնպիսի իմոթիքոններ, որոնք օգնութեան պիտի հասնին, օրինակ, երբ մէկը Դիմատետրի վրայ կը հրապարակէ լուսանկար մը, որ կը վիրաւորէ ուրիշի մը զգացումները կամ ամօթալի կը թուի», կը բացատրէ ան:
«Գիտական գրականութեան մէջ ընդունուած իրողութիւն է, որ երբ սխալ մը գործելէ ետք կը կարմրինք, մարդիկ կը ներեն մեզ, իսկ մենք կը մտածենք` «Լա՛ւ, բոլորս սխալներ կը գործենք, ի վերջոյ մարդ ենք»: Կը յուսանք, որ ի վերջոյ իմոթիքոնները պիտի կարենան արտայայտել նման գաղափարներ եւ զգացումներ», կ՛ըսէ Քելթնըր:
Էկըրի դիտանկիւնէն, այս բոլորը կը մղեն, որ վերատեսութեան ենթարկենք մարդկային հաղորդակցութեան մեր հասկացողութիւնը: Թերեւս նաեւ կրնանք իմոթիքոնները պաշտօնապէս ընդունիլ իբրեւ լեզուին մէկ մասը: «Կը հաւատամ, թէ իմոթիքոնները կարելի է լեզու նկատել,- կը վիճի ան:- 21-րդ դարը ա՛յս է, որ ցոյց կու տայ մեզի: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ բան կարելի է նկատել լեզուի եւ գրաւոր արտայայտութեան մէկ մասը: Իմոթիքոնները մաս կը կազմեն գրաւոր արտայայտութեան»:
Տարօրինակ կամ հրաշալի իմոթիքոններու շարքը երկար է: Հետեւեալ երկու նմուշներով կը փակենք այս էջը. |-o-|[-o-] |-o-| կը խորհրդանշէ «Սթար ուորզ» ժապաւէնին «Թայ ֆայթըրզ» հերոսները , իսկ ակնոցաւոր //?-?\\ իմոթիքոնը` Ճոն Լենընը:

