Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքէն Կը Չքանան

1202_Cross-WomenՄայքըլ Քըրթիս Ասորական միջազգային լրատու գործակալութեան կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ 22 օգոստոս 1939-ին Ատոլֆ Հիթլեր Լեհաստան իր ներխուժումը բացատրելու ընթացքին հարց տուաւ. «Ի վերջոյ այսօր ո՞վ հայերու բնաջնջումին մասին կը խօսի»:

«Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ջարդերուն 100-ամեակի սեմին, Հիթլերի յայտարարութենէն 75 տարի ետք, տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհը բաւարարաչափ տեղեա՞կ է քրիստոնեաներու նկատմամբ հալածանքին մասին, անոնց դէմ խտրականութեան, կրօնի ազատութեան նկատմամբ յարգանքի պակասին եւ Միջին Արեւելքի արաբական եւ իսլամական երկիրներուն մէջ քրիստոնէութեան գոյութեան հաւանական աւարտին մասին:

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիները, Տեզմոնտ Թութու արքեպիսկոպոսը եւ գլխաւոր աւետարանական եկեղեցիներու ղեկավարները, որոնք անկասկած մտահոգ են Իսրայէլի պետութեան կողմէ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներով, կը թուին անտեղեակ ըլլալ կամ մեծ ուշադրութիւն չդարձնել արաբական եւ իսլամական երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող քրիստոնէական խճանկարին ճակատագրին: Զարմանալի է, որ այդ կազմակերպութիւնները այս աստիճան անհոգ կը գտնուին ծայրայեղ իսլամականներու կողմէ քրիստոնեաներու ցեղային մաքրագործման նկատմամբ:

1202_middle-east-christians«Այս կազմակերպութիւններն ու արեւմտեան գլխաւոր լրատուամիջոցները ծանօթ չեն այն իրողութեան, որ բացի Իսրայէլէն` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքները արագ կերպով կը նօսրանան, մասամբ ծնելիութեան ցած համեմատութեան ու արտագաղթի, սակայն մեծ մասամբ ծայրայեղ իսլամներու կողմէ խտրականութեան ու հալածանքի պատճառով: Անոնք կ՛անտեսեն ներկայ այն հարցը, որ Միջին Արեւելքի մէջ 15 միլիոն քրիստոնեաներու դիմաց կան 300 միլիոն իսլամներ, ինչպէս նաեւ` իսլամական ծայրայեղականներու հետզհետէ աճող սպառնալիքը:

«Ներկայ հալածանքը կը յիշեցնէ տխուր պատմութիւնը ջարդերուն, եւ այն, ինչ որ նոյնիսկ այդ եզրին ստեղծումէն առաջ կրնայ կոչուիլ` ցեղասպանութեանը հայերուն, ասորիներու, պոնտացի եւ անատոլուցի յոյներուն, որ գործուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան իսլամներուն կողմէ: Սկսելով 1890-ական թուականներէն եւ շարունակուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` ասորիները սպաննուեցան կամ բռնագաղթի ենթարկուեցան Միջագետքի մէջ` ներկայիս հարաւարեւելեան Թուրքիոյ եւ հիւսիսարեւմտեան Իրանի մէջ: Անգլերէն լեզուով իբրեւ Սայֆօ կամ Սէյֆօ անունով ծանօթ ասորական ջարդերուն ընթացքին, ըստ տարբեր գնահատականներու, 300,000-750,000 ասորիներ սպաննուեցան: Զոհերուն մեծամասնութիւնը ասորի եկեղեցւոյ (նեստորական) անդամներ էին:

«Հայերու ցեղասպանութեան պատմութիւնը հանրածանօթ է, թէեւ տակաւին Թուրքիոյ կողմէ կ՛ուրացուի: Ապրիլ 1915-էն սկսեալ անոնք 1915-1916 ջարդուեցան Կորճայքի, Քիւրտիստանի եւ Ազրպէյճանի շրջաններուն մէջ: Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ 1-1,5 միլիոն զոհեր արձանագրուեցան: Կարող այր մարդիկը սպաննուեցան կամ բռնի աշխատանքի ճամբարներ ուղարկուեցան: Կիներն ու մանուկները սուրիական անապատին մէջ դէպի մահ քալեցին: Համակեդրոնացման ճամբարներ հաստատուեցան: Կիները թուրք զինուորներու կողմէ բռնաբարուեցան:

«Այսօրուան քրիստոնէական խճանկարը շարք մը մասերէ բաղկացած է: Ղպտիները Եգիպտոսի մէջ 5 միլիոն են, իսկ կաթողիկէները` 250 հազար: 4 միլիոն են մարոնիները, որոնց կէս միլիոնը կը բնակի Լիբանանի մէջ: Յոյն ուղղափառները տարբեր երկիրներու մէջ են եւ անոնց թիւը 2 միլիոն է: Հայերը Հայաստանի եւ նախկին խորհրդային հանրապետութեանց մէջ 6 միլիոն են: Ասորի ուղղափառներն ու կաթողիկէները 350 հազար են: Արեւելքի Ասորի եկեղեցին 300 հազար անդամներ ունի, իսկ քաղդէացիները` 500 հազար: Վերջին այս երկու խմբաւորումները արամերէն կը խօսին:

«Միջինարեւելեան բոլոր երկիրներուն մէջ քրիստոնեաները վնասներ կրած են: 2003-ին, Իրաքի մէջ պատերազմէն ետք, ասորի քրիստոնեաներու թիւը 1,4 միլիոնէն նուազեցաւ 300,000-ի: Անոնք սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ պատերազմին պատճառով փախուստի դիմեցին կամ տեղահանուեցան: Եգիպտոսի մէջ 2011-ի յեղափոխութիւնը քրիստոնեայ ղպտիներու (բնակչութեան 10 առ հարիւրը) եւ իսլամներու միջեւ անկարգութեանց պատճառ դարձաւ: Լիբանանի մէջ մարոնիներուն թիւը նուազած է բնակչութեան 20 առ հարիւրի»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )