Տի Նաթալէ Մէկ Տարեշրջան Եւս Կը Մասնակցի Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան
Իտալական Ուտինեզէ ակումբի իտալացի յառաջապահ Անթոնիօ Տի Նաթալէ որոշած է երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ` նպատակ ունենալով մասնակցիլ յաջորդ տարեշրջանի մրցումներուն եւս:
Իտալացի նշանաւոր լրագրող Տանքրեթի Փալմերի յայտնեց, որ Տի Նաթալէն, Ուտինեզէի նախագահ Ճիամփաուլօ Պոցոյին յստակացուցած է, որ յառաջիկայ տարի եւս ան մաս պիտի կազմէ խումբին:
Յայտնենք, որ այս տարի Տի Նաթալէ արդէն յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի վերջ մը դնելու իր արհեստավարժ ասպարէզին, սակայն ան որոշեց այդ յայտարարութենէն ետդարձ կատարել, երբ 37-ամեայ յառաջապահը Իտալիոյ ախոյեանութեան իր 400-րդ խաղին նշանակեց իր 200-րդ կոլը:
Սերի Ա-ի պատմութեան լաւագոյն կոլ նշանակողներու շարքին Տի Նաթալէ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը եւ միայն 5 կոլով ետ կը մնայ իտալացի հանրածանօթ ֆութպոլիստ Ռոպերթօ Պաճիոյէն:

