ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Ճատրակի Բ. Դասակարգի Ախոյեան

1201_HMEM---Chess-ChampionsՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբը` յաղթելով Ռաշատ Թրիփոլիի եւ Անդրանիկ Պէյրութի, դարձաւ Բ. դասակարգի ախոյեան:

Շաբաթավերջին «Աղբալեան ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ վերջ գտան Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները: 4 խումբեր, որոնք հասած էին աւարտական հանգրուան` Ահլի Սայտա, Ռաշատ Թրիփոլի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Պէյրութ պիտի խաղային աւարտական հանգրուանի մրցումները, սակայն Ահլի Սայտա քաշուելով մրցաշարքէն պայքարը սահմանափակուfցաւ 3 խումբերու միջեւ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթելով Ռաշատի` 5-1 արդիւնքով, եւ Անդրանիկի` 4,5-1,5 արդիւնքով, դարձաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ: Անդրանիկ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռաշատի եղաւ երկրորդ խումբը, որ բարձրացաւ Ա. դասակարգ:

Զտումի եւ աւարտական հանգրուանին ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ մարզիկները. Քնարիկ Մուրատեան, Ժիրայր եւ Ռազմիկ Օգնայեաններ, Գէորգ Կոստանեան, Հրայր Պրունսուզեան, տոքթ. Գէորգ Թերզեան, Էլի Յակոբեան, Յովիկ Թորոսեան, Յովիկ Արամալեան, Յակոբ Թերճանեան եւ խմբապետ Վրէժ Աբրահամեան:

Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարն էր Էլի Հուլիշեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )