Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայաստանի Անկախութեան 23-Ամեակի
Նշում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Դեսպան Փոլատեան Արմէն Ուրֆալեանին կը յանձնէ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Արշիլ Կորքի շքանշանը

Դեսպան Փոլատեան Արմէն Ուրֆալեանին կը յանձնէ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Արշիլ Կորքի շքանշանը:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի հրաւէրով, հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2014-ին, «Շամ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առթիւ:

Ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ ելեւմուտքի, տնտեսութեան եւ ներքին առեւտուրի, բնապահպանութեան նախարարները, պետական  նախարարներ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարարը, երեսփոխաններ, դիւանագիտական անձնակազմեր, պետական հաստատութիւններու եւ Դամասկոսի հայ գաղութի ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Արշակ Փոլատեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման եւ Հայաստանի գրաւած տարածաշրջանային եւ համաշխարհային դիրքին: Ան կարեւոր նկատեց հայ սուրիական յարաբերութիւնները, որոնք դարաւոր պատմութիւն ունին եւ կը շարունակեն զարգանալ բարձրագոյն մակարդակով: Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին անդրադառնալով` դեսպանը նշեց, թէ Հայաստան կ՛ողջունէ քաղաքական նախաձեռնութիւն մը, որ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կը վերադարձնէ, մաղթելով, որ Սուրիան կը վերագտնէ իր բնական կեանքը, նաեւ` տարածաշրջանային ու միջազգային դերակատարութիւնը:

Ընդունելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն` սուրիացի շարք մը անձնաւորութիւններու, որոնք ներդրում ունեցած են հայ-սուրիական կապերու զարգացման եւ դեսպանատան աշխատանքին մէջ: Դեսպանատան ոսկի մետալ ստացան` Սամիր Արպաշ, Նազիհ Խուրի, Նապիլ Թոմէ, իսկ Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութեան շքանշաններ ստացան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ` Արմէն Ուրֆալեան, Նազարէթ Եագուպեան, Պատրիկ Այտնեան, Շանթ Քէշիշեան, Սողոմոն Ելենեան եւ Գէորգ Կէօնճեան:

Շահան Արք. Սարգիսեան Կ՛այցելէ
Քեսապի Աշակերտութեան

1129kesab1Երեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2014-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու Ազգային վարչութեան անդամ Զարեհ Փոլատեանը այցելեցին Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց ճեմարան, խրախուսեցին աշակերտութիւնը եւ հանդիպում ունեցան ճեմարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Անոնք զրուցեցին վարժարանի ուսումնակրթական ընթացքին, դժուարութիւններուն եւ աշակերտներուն ընդհանուր վիճակին մասին: Սրբազան հայրը յորդորեց զանոնք` մշտանորոգ թափով ու կորովով իր լրումին հասցնելու ուսումնական տարին եւ խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին ու Քեսապին` բարձր գնահատելով աշակերտներուն հետեւողական ընթացքը:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ամբողջ հայութիւնը ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայ վարժարաններուն եւ աշակերտութեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգայիններէ
Բաղկացած Պատուիրակութեան Մը Հետ
Կ՛այցելէ Ճեզիրէի Շրջան

Քեսապ այցելութենէն ետք, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, 26 նոյեմբեր 2014-ին այցելեց Գամիշլի, ուր կազմուեցաւ նոր թաղականութիւն մը, ինչպէս նաեւ ամբողջացաւ տեղւոյն Ազգ. Եփրատ վարժարանի հոգաբարձական կազմը:

Նոյն օրը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, ուր քարոզեց Շահան սրբազան, որ յորդորեց ժողովուրդը դժուարութիւնները համբերութեամբ յաղթահարելու եւ հաւատքով զինուելու: Այնուհետեւ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Ճեզիրէի հոգեւորականաց դասուն եւ Գամիշլիի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ապա հանդիպում մը կայացաւ Ճեզիրէի շտապ օգնութեան գործադիր մարմինին եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն հետ. հանդիպման ներկայ էին Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի անդամ Կարօ Իւզպաշեան եւ Հալէպի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Զարեհ Փոլատեան:

Աւելի ուշ սրբազան հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Գամիշլիի մեր երիտասարդ ազգանուէր տղոց եւ աղջիկներուն հետ, որոնք տագնապի դժնդակ պայմաններուն մէջ նուիրուած են մեր ժողովուրդի զաւակներու ծառայութեան եւ անմիջական կարիքներու ապահովման աշխատանքին:

Առաջնորդ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութեան քարտուղարութեան հետ, ներկայութեամբ Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչ Զարեհ Փոլատեանի եւ Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեանի` վարչական որոշ տնօրինումներ կատարելու օրակարգով:

Սուրիոյ տագնապին բերումով հաղորդակցական միջոցներու բացակայութեան լոյսին տակ սոյն հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ կը վերահաստատէ ազգային մարմիններուն կապը, միաժամանակ կը յուսադրէ մեր ժողովուրդին զաւակները` շարունակելու իրենց ազգային առաքելութիւնը:

1126_kamishli27 նոյեմբեր 2014-ին սրբազան հայրն ու ազգային պատուիրակութիւնը այցելեցին Գամիշլիի Ազգ.  Եփրատ վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտութեան. սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց աշակերտները իրենց ուսումնական անխափան ընթացքին համար, թելադրեց գիտութեամբ զինուիլ եւ լրջօրէն աշխատիլ` լաւագոյն արդիւնքներով բոլորելու ուսումնական տարեշրջանը: Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին սրբազան հայրն ու անոր ընկերակցող ազգայինները:

Այնուհետեւ սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցան վարժարանի ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, հոգաբարձական կազմին հետ, ուր խօսուեցաւ ուսումնական ընթացքին, երկրի ապահովական վիճակին բերումով յառաջացած դժուարութիւններուն եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին:

Սրբազան հայրն ու Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան նաեւ Գամիշլիի Պսակ քահանային, Հասիչէի թաղականութեան ատենապետին եւ շրջանի Մեսրոպ քահանային, ինչպէս նաեւ Տէրիքի Տաճատ քահանային հետ, ուր կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան:

 

Կիպրոս

ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Նորակառոյց Մարզադաշտին
Պաշտօնական Բացում

1128_hmem-ayma-pitchՆոյեմբեր 28-ի երեկոյեան հանդիսաւոր կերպով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի նորակառոյց մարզադաշտին:

Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի ներկայացուցիչ` նախագահական յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուի կողմէ ժապաւէնի հատումով եւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ բացուեցաւ հանդիսութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի փողերախումբի հնչեցուցած Կիպրոսի եւ Հայաստանի օրհներգներով սկսաւ օրուան յայտագիրը, որուն բացման խօսքը կատարեց Վարդենի Գասապեան-Կոստանեանը: Ապա միութեան վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան հակիրճ պատմականը տուաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ին, որ իր հիմնադրութենէն` 1934-էն ի վեր կիպրահայ գաղութին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ստանձնած է` համախմբելով երիտասարդութիւնն ու պատանեկութիւնը իր մարզական, սկաուտական եւ ընկերային գործունէութեան մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այսօր ուրախ է ՀՄԸՄ-ը, քանի որ Կիպրոսի մէջ տարիներու երազը իրականութիւն կը դառնայ: Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան իր յուզումը եւ հիացումը արտայայտեց ու ըսաւ. «Այսօր մեր մեծ հայրերուն եւ հայրերուն սկսած գործն է, որ նոր թափ կը ստանայ այս շքեղ մարզադաշտին բացումով»:

Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Ֆոտիս Ֆոտիու կարդաց նախագահին ուղերձը, որուն մէջ ան իր շնորհաւորութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ընելով` միեւնոյն ատեն ցաւ կը յայտնէր, որ հանդիսութեան չէր կրնար ներկայ գտնուիլ առողջական պատճառներով:

Խօսքերէն ետք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ով պատուեց Սեպուհ Արմենակեանը, որուն անձնուէր աշխատանքն ու անձնական օրինակը վճռական դերակատարութիւն ունեցան մարզադաշտի ծրագիրի իրականացման մէջ:

Հանդիսութենէն ետք ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Լիբանանի փողերախումբն ու թմբկահարները հնչեցուցին ազգային սիրուած եղանակներ` աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

 

Ատրպատական

Թաւրիզի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւի Մատուռի
Գմբեթի Նորակերտ Խաչին Օծումը

1116_odzoumՆոյեմբեր 16-ին ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, տեղի ունեցաւ Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  Ջուլֆայի Ս. Անդրէորդու (Հովուի մատուռ) վերանորոգուած եկեղեցւոյ գմբեթի խաչին հանդիսաւոր օծումը: Խաչը, որ գործն է ղարաբաղցի Մարտիրոս Չալումեանի, յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի մատուռի գմբեթին վրայ, իսկ աւելի ուշ պիտի կատարուի նաեւ եկեղեցւոյ վերաօծումը:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հովիւի մատուռի վերանորոգման աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք սատար հանդիսացած էին սոյն նախաձեռնութեան:

 

Քուէյթ

Դասախօսական Երեկոյ

1119_Q8Հովանաւորութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանի եւ կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբին, 19 նոյեմբերին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, «21-րդ դարու երիտասարդութեան յաջողութեան նպաստող հմտութիւններ» խորագիրով:

Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Բայաթեան, իր բացման խօսքին մէջ տեղեկացուց, թէ յանձնախումբը մտահոգ ըլլալով երիտասարդ սերունդի հարցերով, կը ծրագրէ զանոնք յուզող թեմաներուն մասին կլոր սեղաններ ու դասախօսական երեկոներ կազմակերպել:

Օրուան դասախօսներն էին Սօսի Սիմիկեան ու Յակոբ Էմրազեան: Անոնք ներկայացուցին 21-րդ դարու ընձեռած հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները, որոնց ճիշդ կիրարկման պարագային, կարելի է ունենալ յաջող ընթացք ու առաւել հաստատուն քայլերով ընթանալ աննախընթաց յառաջխաղացքով ընթացող դարուս մէջ:

Սօսի Սիմիկեան ներկայացուց նաեւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ որդեգրուած կրթական համակարգերը, որոնք կը միտին լաւապէս ապահովել պատանիներու եւ երիտասարդներու հոգեմտաւոր զարգացումը:

Քուէյթի Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն եւ վերոնշեալ հարցերով մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարած Մինաս Հանսքէհեան ներկայացուց իր բանաձեւը` կոչ ուղղելով ունենալ հաւատք, յոյս ու դարուս առաջարկած բարեփոխումները ընդունելու պատրաստակամութիւն:

Աւարտին Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան  բարձրօրէն գնահատեց Հայ դատի նախաձեռնութիւնն ու ելոյթ ունեցող դասախօսները` վեր առնելով ազգային պատկանելիութեան հարցը, յիշեցնելով, որ համաշխարհային մակարդակի բոլոր նուաճումներուն մէջ մեծ դեր ունի ազգային գործօնը: Ան ուրախութեամբ տեղեկացուց, որ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնը կը մնայ ապահով, որովհետեւ անոր գլուխը կը շարունակեն մնալ` Հայ եկեղեցին, հայ դպրոցն ու հայկական միութիւնները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արցախի Նախագահը Կը Պարգեւատրէ
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը

1126_vicken-(2)Նոյեմբեր 26-ին, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին  պարգեւատրեց սփիւռքահայ եւ ամերիկացի խումբ մը հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդին եւ ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան մասին բանաձեւի ընդունման գծով իրենց տարած աշխատանքին  համար:

Պարգեւատրեալներու շարքին էր  ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, որ ստացաւ «Մխիթար Գօշ» շքանշանը իր նշանակալի ներդրումին համար` Արցախի միջազգային ճանաչման եւ անոր տնտեսութեան ու մշակութային զարգացման գործին մէջ:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
Եւ Հայկազեան Համալսարանի Ճաշկերոյթին Հասոյթը
Կը Հասնի Աւելի Քան 400 Հազար Տոլարի

1115_haigazianԱռաջին անգամ ըլլալով, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ)  եւ Հայկազեան համալսարանը միասնաբար կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը` ի նպաստ զոյգ հաստատութիւններուն: Ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ 15 նոյեմբերին, «Պեւըրլի Հիլզ» պանդոկի սրահին մէջ, նաեւ յարգանքի երեկոյ մըն էր` նուիրուած դոկտ. Միհրան Աղպապեանի եւ Ճորճ Ֆիլիփսի, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են այս զոյգ հաստատութիւններուն մէջ:

Ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետներ` Ճոյս Ապտուլեան եւ Քեն Գէորգեան, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸ-ի Արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան, իրենց յարգանքի խօսքը յայտնեցին երկու պատուոյ հիւրերուն եւ անդրադարձան զոյգ հաստատութիւններու առաքելութեան:

Սաւի Թիւֆենքեան ներկայացուց դոկտ. Միհրան Աղպապեանին կենսագրական գիծերը եւ անոր ունեցած գործունէութիւնը, իսկ Ճոյս Սթայն  ներկայացուց Ճորճ Ֆիլիփսը: Ապա ցուցադրուեցան անոնց կենսագրութիւնը ներկայացնող կարճ տեսերիզներ:

ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան իր ելոյթին մէջ ողջունեց դոկտ. Աղպապեանը եւ Ֆիլիփսը` անոնց անձնուէր ծառայութեան համար: Ան նաեւ անդրադարձաւ ԱՀԱԸ-ի եւ անոր փրկարար գործունէութեան:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, անդրադառնալով պատուուող անձերուն, շեշտեց աշխարհին դրական օրինակներ ըլլալու կարեւորութիւնը: Ան Հայկազեան համալսարանը դասեց որպէս եզակի կառուցողականութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Աղպապեանին,  Ֆիլիփսին եւ բոլոր ներկաներուն` Հայկազեան համալսարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանական միութեան նախագահ վեր. Ռան Թովմասեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին յատուկ պատուոյ գիրեր յանձնուեցան դոկտ. Աղպապեանին եւ Ֆիլիփսին:

Ճաշկերոյթէն գոյացած աւելի քան 400 հազար տոլարի հասոյթը պիտի յատկացուին աւետարանչական եւ կրթական ծրագիրներու:

 

Լոնտոն

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի
Աշխատանքային Այցը

1118hranoushՆոյեմբեր 18-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լոնտոն, ուր հանդիպումներ ունեցաւ գաղութի պատկան մարմիններուն հետ: Քննարկուեցան հայապահպանման, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, ինչպէս նաեւ համայնքային հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող ձեռնարկները համակարգելու մասին, որուն համար  ան հանդիպում ունեցաւ պատասխանատու մարմինին հետ:

1118_amiagՆոյեմբեր 19-ին նախարարը այցելեց Ս. Եղիշէ եկեղեցի, հանդիպում ունեցաւ Ուելսի արքայազուն Չարլզի եւ բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

 

Պուտափեշտ

Եղեռնի Ճանաչման Համար Ձեռնարկ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ «Երիտասարդական աշխատանք` յանուն խաղաղութեան» համահայկական ուսուցողական ծրագրի շրջագիծէն ներս, 22 նոյեմբերին Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնի ներկայացուցիչները, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 երկիրներէ ժամանած 60  երիտասարդներու, Պուտափեշտի  եւրոխորհուրդի երիտասարդական կեդրոնի բակին մէջ  ձեռք-ձեռքի տուած` կազմեցին 100-ամեակի խորհրդանիշը: Անոնք կը կրէին «Ճանչցէք եւ դատապարտեցէք Հայոց ցեղասպանութիւնը» մակագրութեամբ շապիկներ:

Ոստայնի նախագահ Աթոմ Մխիթարեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ պատահական չէ ընտրուած օրը, որովհետեւ 22 նոյեմբերի 1920-ին հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը որոշող իրաւարար վճիռը:

Հայ երիտասարդները շեշտեցին, որ 22 նոյեմբերը պէտք է դառնայ ոտնահարուած արդարութեան վերականգնման, ազգային պահանջատիրութեան եւ հայ ժողովուրդէն խլուած իրաւունքներու վերականգնման օրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )