Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

IMG_2513Հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ուսման վիճակը առաւել եւս բարելաւելու եւ կատարեալին հասցնելու միտումով, յատկապէս այն աշակերտներուն պարագային, որոնք ուսումնական կեանքի ընթացքին դժուարութիւններ կ՛ունենան ինքնաբաւ դառնալու եւ քայլ պահելու իրենց տարեկից մանուկներուն հետ, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը` «Մանուկներ, որոնք ունին ուսումնական դժուարութիւններ եւ վարքագծային մարտահրաւէրներ» խորագիրով, որ տեղի ունեցաւ երկու յաջորդական շաբաթներու վրայ` 15 եւ 29  նոյեմբեր 2014-ին:

Շաբաթ, 29 նոյեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 9:00- 3:00  «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական միօրեայ սեմինարին երկրորդ հանգրուանը` կազմակերպութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնին եւ հրաւիրեց Լիբանանի տարածքին գտնուող 24 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուները, որպէսզի միասնաբար լսեն մասնագէտներու ցուցմունքները, քննարկեն հարցերը եւ համապատասխան լուծումներ գտնեն:

IMG_2514Սեմինարին` տուեալ կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ աշխատակազմին կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի(4), Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի(4), Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի(3), Ազգային Աբգարեան վարժարանի(4), Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի(2), Ազգային Ռուբինեան վարժարանի(2), Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի (2), Վահան Թէքէեան վարժարանի (4), Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան բարձր. վարժարանի (13), Հայ կաթ. Սրբուհի Ագնէս վարժարանի(3), Հայ կաթ. Մեսրոպեան վարժարանի (4), Հայ կաթ. Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի (3), Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարանի (2), ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան վարժարանի (4), ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի (2), Հայ աւետարանական Կեդր. բարձրագոյն վարժարանի (2), Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի (3), Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի (2), Հայ աւետ. Կերթմէնեան վարժարանի (2), Այնճարի Հայ անարատ յղութեան քոյրերու վարժարանի (2), Այնճարի Հայ աւետարանական երկրդ. վարժարանի (3), «Զուարթնոց» կեդրոնի (4), Սոֆիա Յակոբեան (1) եւ Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի տնօրէնները, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուներն ու ընկերային ծառայողները, եւ այսպիսով համագումարին մասնակցողներուն թիւը հասաւ 86-ի:

IMG_2536Կեդրոնի պատասխանատու Յասմիկ Տօնոյեան-Նալպանտեան ներկայացուց առաջին հանգրուանի սեմինարին ամփոփումը. ապա հերթաբար հրաւիրեց մասնագէտ դասախօսներ, որպէսզի իւրաքանչիւրը զեկուցէ իր մասնագիտութեան մասին:

Առաջին զեկուցաբերն էր հոգեբան Փոլին Նաճարեան-Ապու Ժաուտէ (Educational and Counseling Psychologist-Inclusive Education Consultant), որ զեկուցեց «Վարքային դժուարութիւններ դասարանին մէջ» նիւթին մասին:

Կարճ դադարէ մը ետք խօսք առաւ երկրորդ զեկուցաբեր` հոգեբան Քրիստին Տէր Սարգիսեան (BCBA Psychologist) եւ խօսեցաւ «Դասարանային կառավարում ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններով», ապա  Անժելլա Սանճեան (ABA approach), որ խօսեցաւ «ABA-ի մօտեցումը եւ հետեւանքները վարքագիծի բարեփոխման վրայ» նիւթին մասին:

Վերջին դասախօսն էր «Ռըզըք» հիւանդանոցի հոգեբուժական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու եւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի հոգեբանութեան գլխաւոր դասախօս, մանուկներու հոգեբուժ` տոքթ. Հենէ Ազար Հաժ Շահին (Child Psychiatrist), որ նիւթը ներկայացուց բժշկական դիտանկիւնէն` խօսելով մանուկներու մօտ աճման ուշացումի, ADHD-ի եւ Autism-ի ախտանշաններուն եւ դարմանումին մասին:

Ճաշի դադարէն ետք ներկաները լեցուցին հարցաթերթիկներ, որպէսզի արժեւորեն տուեալ սեմինարին ներկայացուած նիւթերը, ապա մասնակից ուսուցիչները, պատասխանատուներն ու ընկերային ծառայողները ստացան համապատասխան մասնակցութեան վկայագիրներ` ձեռամբ կեդրոնի պատասխանատու Յասմիկ Տօնոյեան- Նալպանտեանի, վաւերացուած «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES