Պետիկ Հերկելեանի Յիշատակին

15314826414_84f1e2e28f_oԽաչքարը հայ կոթողային արուեստի ամէնէն բարձրորակ, ամէնէն ինքնատիպ ու ամէնէն տարածուած տեսակը կը նկատուի:  Խորհրդային տարիներուն թէեւ պարբերաբար խաչքարեր կը կերտուէին, սակայն պետութեան կողմէ չէր քաջալերուած ատիկա ու կը մնայ սահմանափակ շրջանառութեան մէջ: Հայաստանի անկախացումէն ետք հայ խաչքարային արուեստը նոր թափ ստացաւ, զարգացաւ, ու շնորհիւ սփիւռքին` տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ զետեղուած են ժամանակակից յղացքներով խաչքարեր, որոնք առանց կտրուելու աւանդական արտայայտչաձեւերէն` կ՛արտայայտեն մերօրեայ ազգային ձգտումները, տեսլականն ու գաղափարական հաւատամքը:

Լիբանանի մէջ եւս տարածուած ու գնահատուած է հայ խաչքարային արուեստը:

Մեր բոլոր յարանուանութիւններն ալ խաչքարեր զետեղած են յատկապէս եկեղեցիներու կողքին:

15314827194_827b5d84eb_oՏարիներ առաջ Հերկելեան ընտանիքը «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին Պետիկ Հերկելեանի յիշատակին նուիրեց մարմարակերտ խաչքար մը, որ հայ կերպարուեստի գեղեցիկ նմուշ մըն է (չափը`150x80x10 սմ.): Այս խաչքարը երեւութապէս ճաքած կը թուի ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ այդ ենթադրեալ ճաքը քարի բնական երակ մըն է, որ շեղակիօրէն երկու մասի կը բաժնէ կոթողը:

Այս քարը գիտակցաբար եւ դիտմամբ ընտրուած է հեղինակին, Պետիկ Հերկելեանի ընկերներէն` կերպարուեստագէտ Աղասիի կողմէ իբրեւ խորհրդանշան վաղամեռիկ բանաստեղծի ընդհատուած կեանքի…

Պետիկ Հերկելեան ծնած է 1954-ին, մահացած 1987-ին: Իր ծննդեան վաթսունամեակին առիթով բարեկամ մը չորս հազար եւրօ (4000 եւրօ) կը նուիրէ «Ազդակ»-ին: Իսկ Միացեալ Նահանգներէն, միջազգային ճանաչման արժանացած արուեստագէտ Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան) նոյն նպատակին համար ջրանկար մը` «Հայուհին»  (70 x 50 սմ) կը նուիրէ «Ազդակ»-ի կերպարուեստի ոսկի ֆոնտին:

Մեր ջերմ շնորհակալութիւնները նուիրատուներուն:

«ԱԶԴԱԿ»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )