ՕՍԼՕ. ՅԱՆՑԱԳՈՐԾԻՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՌՆՓԱԿ

Պրիվիք` ոստիկանական խիստ հսկողութեան տակ

Օսլոյի դատարանին որոշումով, Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումները գործած գլխաւոր կասկածելիին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիքին դատավարութիւնը առաջին ունկնդրութիւնները կատարուեցան դռնփակ` առիթ չտալով յանցագործին, որ իր հակաիսլամական գաղափարներով վարակէ հանրութիւնը:

Դատավարութեան առաջին ունկնդրութիւններուն աւարտին դատախազ Քիմ Հեկըր ութ շաբթուան բանտարկութիւն տնօրինեց Պրիվիքին` մինչեւ դատավարութեան յաջորդ նիստը:

Դատավարութեան բացումէն առաջ դատախազ Հեկըր դատարանին մուտքին Պրիվիքի ելոյթին սպասող լրագրողներուն յայտնեց դատարանին որոշումը` դռնփակ կատարելու Պրիվիքի դատավարութիւնը: «Նկատի առնելով դատավարութեան ընթացքին պարզուելիք տեղեկութիւնները, դատարանը որոշում տուաւ դռնփակ կատարելու ունկնդրութիւնները: Կան ստոյգ լուրեր, որոնց համաձայն` դատավարութիւնը դռնբաց կատարելու պարագային բացայայտուելիք  տեղեկութիւնները կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ հանրային կարծիքին վրայ եւ ստեղծել  ապահովական այնպիսի վտանգաւոր կացութիւն մը, որ կրնայ խոչընդոտել ապագային կատարուելիք հետաքննութիւնները», ըսաւ դատախազը:

Նշենք, որ յանցագործը ստանձնած էր անցեալ շաբաթավերջին կատարուած երկու յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը, եւ ուզած էր, որ իր դատավարութիւնը ըլլայ դռնբաց, որպէսզի հանրութեան ներկայացնէ իր կատարած արարքին դրդապատճառները:

Աւելի ուշ, Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը հրապարակեց ուրբաթ օրուան երկու յարձակումներուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն անունները:

 

Share this Article
CATEGORIES