ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքի երէկ սկսաւ Հարաւային Կովկաս իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Այցելութիւնը կարեւոր կը նկատուի յատկապէս այն պատճառով, որ յուլիսի սկիզբը ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ Լեհաստան ստանձնեց Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:
Քամորովսքի իր այցելութեան սկսաւ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներով: Բացի Լեհաստան – Ազրպէյճան տնտեսական յարաբերութիւններէն, կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ ազրպէյճանական քարիւղը Լեհաստան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներ հասցնելու խնդիրները:
Ազրպէյճանէն ետք Լեհաստանի նախագահը այս շաբաթ պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Հայաստան:
CATEGORIES Հայկական