ՊՐԻՎԻՔ. «ՊԷՏՔ Է ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐԸ»
Նորվեկիոյ դէպքերուն գլխաւոր կասկածելին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիք` զոյգ յարձակումներէն ժամեր առաջ համացանցի վրայ իր հրապարակած «2083 – Անկախութեան եւրոպական յայտարարութիւն» խորագիրով մանիֆեսթին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպաններ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաներուն հայ ժողովուրդին դէմ իրագործած սպանդներուն, հայերու բռնի տեղահանութեան, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները բնաջնջելու հարցին:
«Պատմութեան ընթացքին թուրքերը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ կոտորած են եւ հարիւր հազարաւոր ուրիշներ իսլամացուցած են: Թուրքը աշխարհի ամէնէն ցեղասպան ազգերէն մէկն է: Այդ ազգը ցեղասպանութիւն գործած է հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ», կը գրէ Պրիվիք:
«Եւրոպայի տարածքային պահանջները» ենթախորագիրին տակ մանիֆեսթին հեղինակը կ՛ըսէ, որ «պէտք է հայերուն վերադարձնել իրենց պապենական հողերը: Արեւելեան Անատոլու կոչուածը պէտք է վերադարձուի Հայաստանին»:
Ան մանիֆեսթին մէջ նաեւ անդրադարձած է իսլամութեան հետ արդի Թուրքիոյ ունեցած յարաբերութեան` հիմնաւորելու համար իր այն համոզումը, որ իսլամներուն պէտք չէ արտօնուի ապրիլ Եւրոպայի մէջ:
«Չափաւորական պահպանողականներէն շատեր համոզուած են, որ արգիլելով իսլամական կրօնական օրէնքը կարելի պիտի ըլլայ լուծել Եւրոպայի բոլոր խնդիրները եւ ստիպել իսլամներուն` համարկուելու: Աթաթուրքեան ոչ մէկ մօտեցում պիտի լուծէ հարցերը, պարզապէս պիտի յետաձգէ անխուսափելին:
«Թուրքիան աշխարհիկ պետութիւն դարձաւ, երբ 90 տարիներ առաջ Աթաթուրք զինուորական ուժով կիրարկեց իր բիրտ բարեկարգումները: Արդի՞ւնքը. իսլամական կրօնական օրէնքը 70-80 տարի քողարկուած մնաց:
«Աթաթուրքին ձախողութեան պատճառը` իսլամութեան յետադիմական ըլլալն է: Իրականութեան մէջ ժողովուրդին կարծածէն աւելի յետադիմական: Իսլամական կրօնական օրէնքները իսլամութենէն ջնջելը պարզապէս անկարելի է: Անշուշտ կարելի է ժամանակաւորապէս աշխարհիկացնել իսլամները, բայց 90 տարի ետք նոյնիսկ, իսլամական կրօնական օրէնքի պահանջը պիտի ծագի:
«Միակ միջոցը արգիլելու իսլամական կրօնական օրէնքին կիրարկումը պիտի ըլլայ զինուորական ուժով ընկճել իսլամները, ինչպէս որ Թուրքիան կ՛ընէ այսօր», կը գրէ Պրիվիք:
Խօսելով ժողովրդավարութեան մասին` Պրիվիք դիտել կու տայ, որ ան ջատագով է ժողովրդավարութեան, եւ հետեւաբար չի կրնար հանդուրժել ֆաշական գաղափարները: «Հետեւաբար, մենք, մշակութային պաշտպանողականներս եւ Եւրոպայի հակաֆաշականներս, պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնենք, պահպանենք ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը, արգիլենք ֆաշական բռնատիրութիւններու մուտքը իշխանութիւն եւ կիրարկենք խիստ, բայց արդար ժողովրդավարութիւն», կ՛ըսէ Պրիվիք` եզրափակելով, որ «այս մէկը կարելի կ՛ըլլայ միայն, երբ տապալի Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայ վարչակարգը` յարմար պահին դիմելով զինեալ պայքարի եւ զինուորական յեղաշրջումի»:
Խօսելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին վարած քաղաքականութեան մասին` Պրիվիք գրած է, որ Էրտողան կը փորձէ վերադառնալ օսմանեան անցեալին, իսլամացնել Թուրքիան եւ զայն կառավարել իսլամական կրօնական օրէնքով: «Ինչո՞ւ յարաբերութիւն հաստատել երկրի մը հետ, որ կ՛ուզէ ոչնչացնել մեզ», հարց տուած է ան:
Պրիվիք նաեւ անդրադարձած է Սեւրի դաշնագիրին, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին եւ Կիպրոսի հիմնախնդիրին:
«Թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող կիպրական տարածքները պէտք է վերադարձուին յոյն կիպրացիներուն, Արեւմտեան Անատոլուն` յոյներուն: Այդ տարածքները վերստին քրիստոնէացնելու համար պէտք է պատերազմի սկսիլ: Սակայն անկէ առաջ պէտք է ոչնչացնել Փաքիստանի հիւլէական զէնքերը, որպէսզի անոնք չտրամադրուին Թուրքիոյ», եզրափակած է Պրիվիք:

