Արժանթինի Մէջ Ֆութպոլիստի Մը Մահը` Մրցակից Խումբի Համակիրներուն Ձեռամբ

1205_Dead-Football-PlayerԱնցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Արժանթինի Գ. դասակարգի խաղի մը ընթացքին, որ իրարու դէմ հանեց Չակարիտա եւ Տիրօ Ֆետերալ Տը Լա Ռոխա խումբերը, իրաւարարը մրցումը կասեցուց խաղի աւարտէն 15 վայրկեան առաջ` երկու խումբերուն միջեւ ծագած կռիւին պատճառով:

Խաղէն ետք, հիւր խումբի մարզիկ Ֆրանքօ Անթոնիօ Նիետօ իր ինքնաշարժով տուն վերադարձի ժամանակ յարձակումի մը ենթարկուեցաւ շրջանի խումբի համակիրներուն կողմէ, գլուխէն աղիւսով հարուած մը ստանալէն ետք կորսնցուց գիտակցութիւնը եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր քանի մը օր ետք մահացաւ:

Այս լուրը ցնցեց ամբողջ Արժանթինը եւ ֆութպոլի աշխարհը, սակայն Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէր, որ համակիրներու պատճառով այսպիսի դէպք մը կը պատահի ու կը սպաննուի ֆութպոլիստ մը: Այս լուրը կը հաղորդէ արժանթինեան պատկերասփիւռի կայաններէն «Քատենա 3»-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES