Տի Մարիա. «Մանչեսթըր Եունայթըտ Պէտք Է Ըլլայ Լաւագոյններուն Շարքին»
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա յայտնեց իր կարծիքը այս տարուան Անգլիոյ ախոյեանութեան մասին:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Չելսին արդէն իսկ աւելի շատ կէտեր հաւաքած է, քան Եունայթըտը, բայց տակաւին երկար ճամբայ կայ մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը: Մենք պէտք է պայքարինք իւրաքանչիւր կէտի համար եւ պիտի փորձենք բարձր դիրքի վրայ աւարտել ախոյեանութիւնը»:
Ան աւելցուց ըսելով . «Տիտղոսներ շահիլը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց ժամանակի ընթացքին մենք պիտի հասնինք նաեւ ատոր: Մեր ակումբը պէտք է ըլլայ լաւագոյններուն շարքին: Պէտք է վերադառնանք «Չեմփիընզ Լիկ», եւ ատիկա մեր նուազագոյն իրագործումը պէտք է ըլլայ այս տարուան համար, որովհետեւ մենք` իբրեւ ակումբ եւ խաղացողներ արժանի ենք այդ մրցաշարքին տիտղոսին տիրանալու»:
Նշենք, որ Տի Մարիայի խօսքերը մէջբերուեցան «Սփորթ Մակազին» անգլիական մարզական օրաթերթին կողմէ:

