Լուրեր Ճատրակի Աշխարհէն
Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցէին հայ մարզիկներ, աւարտեցաւ: Կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան կրցան հաւաքել առաւելագոյն 9 կէտերէն 6-ը: Անոնք մէկուկէս կէտով ետ մնացին մրցաշարքի պարագլուխին դիրքը գրաւող եւ ախոյեան դարձած չին Եու Եանկէն: Միւս կողմէ, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւաքեցին 5,5 կէտ, Գաբրիէլ Սարգսեան` 5 կէտ, սակայն Էլինա Դանիէլեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան հաւաքեցին միայն 4,5 կէտ:
Մինչ այդ, Ղազախստանի Պաւլոտար քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին, կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան 5 հանգրուան անցնելէ ետք հաւաքած է 4 կէտ եւ միջազգային վարպետ Վահէ Պաղտասարեան 3 կէտը:
Նշենք, որ 5 կէտով պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի ռուս կրանտմասթըր Սերկէյ Վոլկով:
Աւելցնենք նաեւ, որ 9 յունուար 2015-ին, Հոլանտայի Վէյք Ան Զի քաղաքին մէջ պիտի սկսի Տատա Սթիլ փառատօնը եւ այս առիթով Ա. եւ Բ. կարգի ճատրակի մրցաշարքեր տեղի պիտի ունենան:
Բ. կարգի մրցաշարքի հրաւիրեալներու շարքին է նաեւ հայազգի 14-ամեայ Սամուէլ Սեւեան, իսկ Ա. կարգի խաղերուն, որոնց պիտի մասնակցին աշխարհի ախոյեաններ, նկատի առնուած են հայազգի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան եւ օտար կրանտմասթըրներ Քարլսըն, Քարուանա, Գիրի եւ ուրիշներ:

