Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ի, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ի կողմերը, զօրաւոր պայթում մը անգամ մը եւս ցնցեց Հալէպ քաղաքը:
Զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած պայթումը Հալէպի պատմական բերդի շրջանին մէջ գտնուող Սուլթանիէ մզկիթին մօտ էր, որուն պատճառով ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներ արձանագրուեցան:
Պայթումը երկրաշարժի զօրաւոր ուժգնութեամբ էր. քաղաքը ամբողջութեամբ ցնցուեցաւ, բնականաբար ցնցուեցան նաեւ հայահոծ թաղամասերը:
Սիւլէյմանիէ Շրջանի Հաժ Հապիպ Թաղը
Թիրախ` Հրթիռաձգութեան
Դարձեալ «Բերիոյ Նիուզ»-ին համաձայն, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ի գիշերուան ժամերուն Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանի հայահոծ Հաժ Հապիպ թաղը թիրախ դարձաւ հրթիռաձգութեան:
Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
CATEGORIES Գաղութային

