«Կամաւորներու Օր» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախունբին

1206_gamavorՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը:

Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով Սեդա Մանկասարեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու ննջեցեալ ԼՕԽ-ականներուն յիշատակը: Նշելով,  որ դեկտեմբեր հինգը ՄԱԿ-ի որոշումով միջազգային կամաւորի օր է, ան ըսաւ. «ԼՕԽ-ի էութեան հիմնաքարը կամաւոր գործունէութիւնն է: Այսօր կ՛ուզենք լուսարձակի տակ առնել ԼՕԽ-ականներու աշխատանքը, որ համաշխարհային  եւ վարակիչ է»: Ան յիշեց 7 դեկտեմբերի Սպիտակի երկրաշարժը, որ 26 տարի առաջ հարուածեց Հայաստանը: Ապա ան թուեց յայտագիրի գլխաւոր բաժինները եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Սեդա Խտըշեանը:

Նշելով, որ Կամաւորներու օրը առիթ մըն է զինակոչի` կամաւորներու հետզհետէ նոսրացող ու նահանջող յոյլին, Խտըշեան հանգամանօրէն նշեց ՀՕՄ-ի եւ ապա ԼՕԽ-ի բերած ներդրումը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայու վերակազմակերպման աշխատանքին մէջ` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին հայ կնոջ ծառայութիւնը անչափելիօրէն եղած է մեծ, բաղդատաբար բոլոր ժամանակներուն: Բանախօսը իր խօսքին մէջ թուեց կամաւոր աշխատանքին յատկութիւններն ու առաւելութիւնները:

«Ժամանակն է, որ Սօսէ մայրիկներուն, Զապէլ Եսայեաններուն, Ռուբինաներուն յուշակոթողները կանգնեցուին հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ եւ մեր թաղերը անոնց անուններով կոչուին», շեշտեց Սեդա Խտըշեան` ընդգծելով օրուան մարտահրաւէրը եւ յիշեցնելով Կամաւորի օրուան խորհրդանիշը` չպարպուիլ հայութենէն:

Ապա իր կարգին Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` յայտնելով, թէ այս օրը առիթ մըն է անդրադառնալու, թէ աշխարհի մէջ առանձին չենք եւ մաս կը կազմենք կամաւորներու միջազգային հսկայ բանակին: Սրբազանը բարձր գնահատեց կնոջ առանցքային դերը հայութեան վերականգնումի առաքելութեան եւ ճիգերուն մէջ: «Այս օրերուն անձնապաշտ եւ եսակեդրոն պայմաններուն մէջ, հայութիւնը կարիք ունի բարոյական անհուն նեցուկի, որպէսզի դիմակալէ Արեւմուտքէն փչող փոթորիկը», ընդգծեց Շահէ եպս. Փանոսեան` շեշտելով հաւատքի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի կիթառի համոյթէն Կասիա Էճիտեան, Արի Տագէսեան, Յովսէփ Եուսեֆ եւ Գօգօ Պէօյիւքեան կիթառի վրայ նուագեցին հայկական եւ օտար դասական երաժշտութիւն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )