Արձագանգ. «Լուսաւորչի Կանթեղը» Ներկայացուց Հոգեւոր Երեկոյ Մը` Սահակ Սրբազանին Քարոզով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերի երեկոյեան «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ ներկայ եղանք աննախընթաց հոգեւոր երեկոյի մը` կազմակերպութեամբ «Լուսաւորչի Կանթեղ» երիտասարդական խումբին: Սրահը լեցուած էր մեծ մասամբ երիտասարդ-երիտասարդուհիներով, որոնք մաս կը կազմէին զանազան հոգեւոր խմբակներու:
Ուրախութեամբ ներկայ եղանք այս հոգեւոր հանդիպումին, միեւնոյն ատեն ուրախացանք երկսեռ երիտասարդութեան ներկայութեան համար:
Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա հանդիսութեան կազմակերպիչներէն երիտասարդ մը բացատրեց այս հանդիպումին իմաստը` չար ու չարիք սերմանող ներկայ դարուն կացութեան մասին: Ան հրաւիրեց ներկաները մօտենալու Յիսուսի եւ իրենց մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով ապաւինելու միայն Աստուծոյ: Յայտարարուեցաւ քառորդ ժամի յոտնկայս աղօթքի պահ մը, երգեցողութեամբ, որ շարականներէ չէր կազմուած, այլ նոր յօրինումներէ:
Աղօթավար երիտասարդը ներկայացուց Պոլիսէն ժամանած էջմիածնական եկեղեցական գերշ. Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը եւ անոր ընկերակցող Պոլսոյ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տրդատ քահանայ Ուզունեանը:
Սահակ սրբազանը անծանօթ դէմք մը չէր ինծի համար. ան շաբաթական հերթականութեամբ կը դասախօսէր յատուկ յայտագիրով մը Հայաստանի «Հ1» պատկերասփիւռի կայանէն: Վերջերս չէի հանդիպեր անոր յայտագիրին, կ՛ափսոսայի, որ այդքան շինիչ դասախօս եկեղեցականը` Սահակ սրբազանը չէր տեսնուեր: Անակնկալը մեծ եղաւ, երբ «Ինծի ծանօթ» Սահակ սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ խօսելու: Ի՛նքն էր, իր հնչեղ ձայնով եւ իմաստասիրական բանաձեւումներով: Իր հոգեւոր խօսքը ան կը համեմէր կեանքէն վերցուած օրինակներով, պարզ դրուագներով, որոնք բարոյախօսական սքանչելի դասեր էին: Ան խօսեցաւ 40 վայրկեան, երբեք չզգացինք ժամանակին սահիլը: Աստուած օգնական Սահակ սրբազանին, որ իր այդքան շինիչ խօսքերով Աստուածաշնորհ մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Ժամը 8:15-ին սկսած հանդիպումը տեւեց մինչեւ ժամը 10:00: Յայտագիրը շարունակուեցաւ հոգեւոր երգերով, զորս երգեցին սրահին կէսը գրաւած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Անոնց մէջ կային նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Ինծի համար անծանօթ երգեր էին` նուագի ընկերակցութեամբ: Սպասեցի, որ շարական մըն ալ կ՛ունկնդրենք («Քրիստոս ի մէջ», «Վարանիմք», «Նորահրաշ»):
Հոգեւոր այս խմբակներուն երգերը անծանօթ էին ինծի: Ներկաները երգեցին խանդավառութեամբ, որովհետեւ հաճելի երգեր էին, բայց ի՞նչ մեղք ունէին մեր շարականները…
Մեր արտայայտութիւնը մեղադրանք մը չնկատուի, այլ պարզապէս նկատողութիւն մը` մեր հոգեշնորհ աւանդութիւններէն չհեռանալու:
Այնքան ալ քաջալերական չէ Սալբի Քէլէշեաններու ստեղծած երաժշտութիւնը ներկայացնելը մեր եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին:
Աւարտին խօսք առաւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, որ իր շահեկան յորդորներով եւ իմաստուն խրատներով գոհաբանութիւն մը ներկայացուց:
Աղօթքի այս 2 ժամերէն ետք, երբ դուրս ելանք սրահէն, ընկերակից ընկերուհիս ըսաւ.
– Ի՞նչ էր ասիկա, շարական մըն ալ չերգեցին: Երկու քայլ անդին, տակաւին դարպասին մէջ, բարեկամուհիներէս մէկը մօտեցաւ եւ ըսաւ.
– Սահակ սրբազանը հիանալի էր, բայց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութենէն բան մը բացակայ էր:
Ուրախացանք երիտասարդներու ներկայութեան, բայց այդ երեկոյ ճշմարտութիւնը բաներ մը փսփսաց մեր ականջներուն:
Չհասկցանք սիրելի Շահանդուխտ, գնահատական է թէ քննադատութիւն է այս: