Պայտըն. «Ուաշինկթըն Բանակցութեան Ծիրին Մէջ Իրանի Պիտի Չարտօնէ Հիւլէական Զէնքի Տիրանալ»

Ճօ Պայտըն

Ճօ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկիրը Թեհրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութեան ծիրին մէջ Իրանի պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնքի տիրանալ:

Ան Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի աջակցող «Սապան» համախմբումին առջեւ իր ուղղած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իրանի նկատմամբ մեր կեցուածքին վերաբերեալ բազմաթիւ անհեթեթութիւններ լսեցինք: Շատ յստակ հետեւեալ կեցուածքը պիտի յայտարարեմ. Իրանին պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնքի տիրանալ, եւ վերջակէտ: Ոչ մէկ խօսք: Այնքան ատեն որ հոս ենք, այդ հարցը տեղի պիտի չունենայ»:

Պայտըն ըսաւ, որ Ուաշինկթըն Իրանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը մանրամասնօրէն կը քննարկէ, եւ համախմբումին մասնակիցներուն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները չչափազանցելու: «Իսրայէլի ապահովութեան հարցին շուրջ մեր եւ իսրայէլացիներուն միջեւ որեւէ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սակայն, իբրեւ բարեկամներ մեր պարտաւորութիւնն է անկեղծ կերպով խօսակցիլ, խօսիլ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող մարտավարական տարակարծութեանց մասին եւ ոչ թէ անոնցմէ խուսափիլ»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի իրաւաբանական հարցերու խորհրդական Տաուտ Մոհամետ Նիա յայտնեց, որ Իրան Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեան յաջորդ հանգրուանին պիտի մասնակցի ընթացագիծով մը:

«Բանակցութեան մասնակից իրանեան խումբը աշխատանք կը տանի իրանցի ժողովուրդի պահանջներն ու իրաւունքները իրագործելու` առանց այդ սկզբունքէն որեւէ նահանջ կատարելու», ըսաւ ան` նշելով. «Արեւմուտքը մտահոգուեցաւ, որովհետեւ Թեհրան չ՛ուզեր բանակցութիւնները երկարաձգել, եւ այդ պատճառով ալ արեւմտեան կողմը պահանջեց զայն երկարաձգել»:

Մոհամետ Նիա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` իրանեան հեռահար հրթիռներուն շուրջ թիւ 1929 բանաձեւը, որ այդ հարցը հիւլէական թղթածրարին կապելով կը պահանջէ իւրանիոմի հարստացումը ամբողջովին սառեցնել, «Արաք»-ի հնոցի աշխատանքը դադրեցնել, առեւտրական արգելքներ հաստատել, չգործադրուեցաւ, որովհետեւ Իրանի մէջ պաշտպանութեան տարածք թիրախ կը դարձնէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )