ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան պիտի արտասանէ պատկերասփռուած խօսք մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ Դիմադրութեան դէմ նիւթուած ամերիկեան դաւերուն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռամատանի առաջին օրերուն վերադառնայ Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Փարիզ կը շարունակէ Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` երկրին գրեթէ բոլոր մարզերուն վերաբերեալ:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ վաստակաւոր դերասան Մահմուտ Մապսութ, որ ծանօթ է Ֆըհմեն անունով, ոչ եւս է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ինք երկու անգամ պիտի մտածէ, նախքան Պքերքէի մէջ միջմարոնիական երկրորդ հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերելը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց Արքուպի, Հասպայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` խզելով ձայնի պատը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Մեքքայի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերը իր բռնագրաւումին տակ պահող թշնամի Իսրայէլին հետ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ Ապպաս Իպրահիմի ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակումը նուաճում մըն է: Ան նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մարդուժը կը գտնուի Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ, «սակայն այդ աւազանը սկսած է չորնալ, որովհետեւ Թրիփոլին կը զօրակցի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ անոր կառավարութեան օրինականութեան», ըսաւ ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին սպառնաց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անձնական թղթածրարները բանալ, եթէ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը իրենց այս ընթացքը շարունակեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ առողջապահութեան մարզը կը գտնուի մաֆիաներու հսկայ խաղի մը իշխանութեան տակ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող ճաշարաններուն մասին տեղեկատուութեան մարզին պատրաստած տեսագրութիւնները անիրաւութիւն կը պատճառեն: Ան շեշտեց, որ երկրին վատորակ ճաշարաններուն համեմատութիւնը աւելի քիչ է, քան անոնք, որոնք միջազգային մակարդակի համազօր են:

ՍՈՒՐԻՈՅ եւ Լիբանանի մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Լուքա Խուրի եպիսկոպոսը «Պինա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ գործակցելով կ՛ապահովէ Սուրիոյ ըմբոստներուն ֆինանսաւորումը, որպէսզի անոնք քանդեն երկիրը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան դէմ անիրաւութիւն կայ, որովհետեւ նախարարաց խորհուրդին եւ վարչապետին դէմ արշաւը սկսած է նախքան կառավարութեան աշխատանքի սկիզբը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը մերժէ իր ապազինման թղթածրարին քննարկումը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յայտարարութիւնները գեղեցկացուած արտայայտութիւններ են:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ժողովրդավարական բարենորոգում շարժումի նախագահ, նախկին նախարար Նեսիպ Լահուտ յառաջիկայ 7 օգոստոսին պիտի վերադառնայ Պէյրութ: Նշենք, որ ան աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը գտնուի Ֆրանսա, ուր կ՛ենթարկուի բժշկական յատուկ խնամքի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, այսուհետեւ պաշտօնական նշանակումները քննարկումի առարկայ պիտի դառնան վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ նախարարներուն միջեւ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը հաւատայ երկխօսութեան, որովհետեւ երկխօսութեան այլընտրանքը բախումն է, որ կուսակցութեան կողմէ մերժելի է եւ դատապարտելի:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը իր ներկայ իրավիճակին մէջ պահելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Նահար» օրաթերթին հետ  ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի արձակած կոչը կը մեկնի վատ կացութեան տարողութեան մասին անոր գիտակցութենէն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Դիմադրութեան յաղթանակի որեւէ օր բոլոր լիբանանցիներուն համար հպարտութեան օր կը նկատուի:

 

Share this Article
CATEGORIES