ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. 22 Փետրուարէն 7 Դեկտեմբեր 1988 Հայ Ժողովուրդի Վերազարթօնքին Նուիրուած Ձեռնարկ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քարոզչական ձեռնարկ, նուիրուած` 22 փետրուարէն 7 դեկտեմբեր 1988 հայ ժողովուրդի վերազարթօնքին, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով սկսաւ հանդիսութիւնը: Յոտնկայս լռութեան ներկաները հրաւիրուեցան յարգելու արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն եւ 1988 երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ 1915-էն ետք Սարդարապատ կերտած, 70 տարի խորհրդային իշխանութեան տակ ինքնութիւն, պատկանելիութիւնը պահած եւ 1988-ի երկրաշարժէն 4 տարի ետք Շուշիի մէջ եռագոյն պարզած հայ ժողովուրդի ժառանգորդները, այսօր իրաւունք չունին ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց ընկրկելու եւ հիասթափուելու: Ապա Լափաճեան աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Իբրեւ երիտասարդներ յանձնառու ենք շարունակելու մեր նախնիներուն պայքարը, մինչեւ որ հասնինք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման»:
22 փետրուարէն 7 մարտ 1988 երկարող ժամանակահատուածը ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեց Արա Թորոսեան, որ ապրումով ասմունքեց Ա. Ծառուկեանի «Ուխտ ծննդեան» եւ Շահանդուխտի «Յետ աղէտի» քերթուածները:

Շահան Գանտահարեան
Օրուան պատգամը փոխանցեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ուշադրութեան յանձնեց 22 փետրուարէն 7 դեկտեմբեր 1988 ինկած ժամանակահատուածը, որ նորագոյն պատմութեան ամէնէն կարեւոր հանգրուանը կը հանդիսանայ: 1988-ին Խորհրդային Միութեան մայրամուտի օրերուն, Երեւանի եւ Արցախի մէջ կը սկսին ցոյցեր, քաղաքական պահանջներ, ծայր կ՛առնէ ազգային պոռթկում: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի հայութեան վտանգուած ըլլալը եւ ազերիներուն վարած հայաթափման քաղաքականութիւնը պատճառ դարձան, որ ազատագրութեան շունչով համակուի հայութիւնը ամէնուր: Արցախէն Երեւան, Երեւանէն սփիւռք հայութիւնը կը մագնիսանայ Արցախի ազատագրման գաղափարին շուրջ: Համայն հայութիւնը կը միաւորուի ու կը բռունցքաւորուի ի պաշտպանութիւն Արցախի:
Հայութեան բռնագրաւուած հողերու վերատիրացումը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելը հայութեան համապատկերն էր, եւ ահա 1988-ին տեղի ունեցաւ հայկական տարածքի հարաւարեւելեան հատուածին միացումը Հայաստանին: «Ինչպէս որ Սարդարապատը մեզ փրկեց կործանումէ, այս անգամ ալ Արցախի մէջ վերազարթօնքը եւ հայութեան համախմբումը առիթ դարձան մեր իրաւունքներու վերատիրացման», ըսաւ Գանտահարեան:
Խորհրդային Միութեան փլուզումը սկսաւ Արցախի ազատագրութեամբ: Թէեւ ստալինեան սխալները սրբագրելը, հայութեան պոռթկումը կրնար վտանգ սպառնալ ժողովուրդին, բայց Սումկայիթի պատասխանը, ցեղային զտումներուն ու բռնութեան պատկերներուն ի տես անհրաժեշտ էր ազգային վերազարթօնքը` կասեցնելու համար կորուստն ու կործանումը:
Ան յիշեց, թէ 100 տարի առաջ դաշնակցական առաջնորդները մարգարէացած էին Քրեմլինի փլուզման մասին: Պահանջատիրութեան այդ օրերուն պատահեցաւ ահեղ երկրաշարժը, որ խլեց բազմահազար հայերու կեանքը: Ոտքի ելաւ հայութիւնը: Միջազգային եւ համամարդկային շարժման աշխարհի կեդրոնը Հայաստանը դարձաւ` ամոքելու հայութեան ցաւը: Միջազգային ընտանիքը կ՛օժանդակէր ժողովուրդի մը, որ ընդդիմացած էր Խորհրդային Միութեան: Ան աւելցուց ըսելով, որ քաղաքական պայմանները փոխուած էին այն օրերուն, խախտած էին խաղի կանոնները, ներազգայինը վերածուած էր ազգային զարթօնքի: Ազատագրական շարժումը անդարձ էր, հայութիւնը վճռած էր ամէն գնով Արցախին օժանդակել:
Գանտահարեան նկատել տուաւ, որ ամիսներ ետք տեղի պիտի ունենան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական ձեռնարկները: Պահանջատիրութեան թղթածրարը սեղանի վրայ է արդէն, շուտով հայ եւ օտար իրաւագէտներու հայեցակարգը կը մշակուի: Ազգովին կը պատրաստուինք մեր պահանջները հզօր շեշտերով իրաւականացնելու: Միացեալ հռչակագիրը ընդունուած է արդէն պատմական արդարութեան վերականգնման համար:
Շահան Գանտահարեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ 1988-ի զարթօնքին շնորհիւ այսօր ունինք կայացած պետականութիւն, միասնակամ սփիւռք եւ անկախ Արցախ: Անսասան պահելով հայոց միասնակամութիւնը, անպայման կը կերտենք ամբողջական հայրենիք:
Ելոյթ ունեցաւ «Հայք» նուագախումբը, որ ներկայացուց ազգային հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ ընտրանի մը:
Ձեռնարկի աւարտին Հայկ Վարդանեան, Յարութ Լափաճեան եւ Սերոբ Յակոբեան մեկնաբանեցին փունջ մը յեղափոխական երգեր, որոնցմով ոգեւորուեցաւ հանդիսատեսը:
«Մշակ բանուոր» քայլերգով փակուեցաւ ձեռնարկը:

