ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ԱՌԱՆՑ ԱՌԻԹԻ ՊԱՅԹՈՒՑԻԿՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ արգիլեց առանց առիթի պայթուցիկներու օգտագործումը` ընդգծելով, որ պէտք է յարգել պայթուցիկներու օգտագործման առիթներն ու պայմանները:
Միւս կողմէ, Մարուան Շարպել երէկ հետեւեցաւ քուէյթեան դեսպանատան շրջակայքը արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն, ինչպէս նաեւ քննարկեց տարբեր շրջաններու վերաբերող թղթածրարներ:
Ներքին գործոց նախարարին այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն եւ նախկին երեսփոխաններ Մոհամետ Եհիա, Ժամալ Իսմայէլ, Ուաժիհ Պաարինի եւ Մահմուտ Օուատ:
Յետմիջօրէին նախարար Շարպելի այցելեցին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի եւ ճարտարապետ Զիատ Ապս, որոնց հետ քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան