5 Պահանջ Թուրքիայէն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անհրաժեշտ նկատած է, որ հայութիւնը սահմանէ պահանջները, որոնք պիտի դրուին Թուրքիոյ առջեւ պատասխանատուութեան կանչելու ատեն: Այս մասին քաղաքական գործիչը յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» բնաբանով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ:
«Ցեղասպանութեան դէմ ՄԱԿ-ի 1948 թուականի հռչակագիրը կարեւոր քայլ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու համար: Ատոր մէջ ակնարկ կայ պետական պատասխանատուութեան մասին: Կը խորհիմ, սակայն, որ այդ պատասխանատուութիւնը, յանձնուած ըլլալով միջազգային արդարադատութեան, եւ փաստօրէն շատ քիչ պարագաներու կիրարկուած ըլլալով, պատճառ դարձած է, որ ցեղասպանութիւն գործողները համարձակ շարժին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ անհրաժեշտ է, որ մենք` հայերս, սահմանենք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք թուրքերէն պատասխանատուութեան կանչելու համար», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, այդ նպատակով 2007 թուականէն աշխատանք կը կատարէ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրութեան խումբը, որ վերջերս զեկուցում ներկայացուցած է եւ առաջարկներ կատարած:
«Զեկուցումին մէջ ներկայացուած է 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու հարցին իրաւական, պատմական, քաղաքական, բարոյական կողմերուն առնչուող համապարփակ մօտեցում: Զեկուցումը կ՛առաջարկէ անցումային արդարութեան տեսութեան հիման վրայ հատուցումներու ծրար, որ կը պարունակէ հինգ բաղադրիչ»,նշած է Մանոյեան:
Ըստ անոր, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային անմիջական յանցագործները արդէն ողջ չեն, որպէսզի դատապարտուին, այդ բաղադրիչը կարելի չէ կիրարկել: «Երկրորդը` ճանաչում, ներողութիւն, կրթութիւն եւ յիշատակում: Այն է` Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու մեղսակից ոչ կառավարական միաւորումները պէտք է պաշտօնապէս ճանչնան ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցեն: Ճանաչման մէջ պէտք է յստակ նշեն ցեղասպանութեան ճշգրիտ մանրամասնութիւնները, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ ըրած է եւ որո՛նք զոհուած են, նշուի ցեղասպանութեան հետ ժամանակակից Թուրքիոյ կապին բնոյթը եւ բացատրուի հայերուն նկատմամբ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը», ներկայացուցած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ հատուցման ծրարին, Թուրքիա պէտք է իր երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս իրականացնէ լայնածաւալ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին` ցեղասպանութեան պատմութիւնը դարձնէ Թուրքիոյ հանրային կրթական ծրագիրներու կարեւոր բաղադրիչը: Թուրքիա պէտք է հիմնէ բազմաթիւ թանգարաններ եւ ֆինանսաւորէ ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկները ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ: «Այն տարածքներուն մէջ, որոնք պիտի չվերադարձուին հայերուն, պէտք է վերականգնուին պատմական հայկական տեղանունները: Երրորդ բաղադրիչը աջակցութիւնն է հայերուն եւ Հայաստանին: Թրքական պետութիւնը պէտք է քաղաքական եւ այլ աջակցութիւն ցուցաբերէ հայկական պետութեան եւ համայն հայութեան անոնց երկաժամկէտ կենսունակութեան ապահովման նպատակով: Բացի նիւթական հատուցումներու եւ վնասաբեր գործողութիւններու դադրեցումէն, ինչպիսին հայ-թրքական սահմանը երկու տասնամեակ փակ պահելն է, Թուրքիա պէտք է դրական քայլեր կատարէ», նշած է Կիրօ Մանոյեան:
Չորրորդ բաղադրիչին համաձայն, Թուրքիա պէտք է «առողջանայ»: «Բացի ժխտողական գործունէութեան ամբողջական դադրեցումէն եւ թրքաբնակ հայերու եւ այլազգիներու նկատմամբ յարգանքի հաստատումէն, թրքական պետութիւնն ու հասարակութիւնը բոլոր հիմնարկներէն պէտք է արմատախիլ ընեն հակահայկականութեան եւ ցեղասպանութեան գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան հետքերը», ընդգծած է քաղաքական գործիչը:
Հատուցման ծրարի հինգերորդ կէտով Թուրքիա պէտք է իրականացնէ գոյքի վերադարձ` մահուան ու տառապանքի դիմաց փոխհատուցում տայ: «Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնագրաւուած հողը, շինութիւնները եւ այլ անշարժ ու շարժական գոյքը պէտք է վերադարձուին: Ոչնչացուած եւ անհասանելի գոյքի դիմաց պէտք է տրուի փոխհատուցում: Վերադարձուած կամ փոխհատուցուած գոյքի պարագային պէտք է փոխհատուցում տրուի չստացած շահոյթի դիմաց: Բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ անհատ հայերը ունին ճշգրիտ գոյքի վերաբերեալ լիակատար փաստաթուղթեր, գոյքի վերադարձը եւ ամէն տեսակի փոխհատուցումը պէտք է տրուի հայերուն` իբրեւ խումբի: Այս յատկացումներու տրամադրումը Հայաստանի պետութեան, աշխարհի եւ տեղական հիմնարկներուն, պէտք է կատարուի արդար հոլովոյթի միջոցով», շեշտած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, յատկացուելիք տարածքի որոշման հարցին մէջ կարելի է կիրարկել զանազան մօտեցումներ` հակառակ անոր որ հատուցման խումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը լաւագոյն տարբերակը կը նկատէ: «Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման թղթածրարին շուրջ պէտք է ըլլայ համահայկական համախոհութիւն, ինչպէս Թուրքիոյ կողմէ կայ համախոհութիւն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին մէջ: Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելը կը նպաստէ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման», եզրափակած է Կիրօ Մանոյեան:

