ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Նորվեկիոյ մէջ գործուած ահաբեկչական արարքները` ընդգծելով, որ անհաւասարակշիռ եւ ծայրայեղ անհատներուն կողմէ գործուած սպանդներուն հիմնական պատճառը այն է, որ անոնք կորսնցուցած կ՛ըլլան իրենց ընկերային արժէքները, որոնց տակաւին տէր կը կանգնի Արեւելքը, յատկապէս` Լիբանանը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելեց անձնական հարցերու քաղաքացիական օրէնքի ջատագով շարժումի պատուիրակութիւն մը, որ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց ծրագիր մը` շեշտելով համայնքային խտրութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը գործադրելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին երկխօսութիւն կատարելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը եւ նախարարութեան աշխատանքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ Ահմետ Հպուս եւ Ամին Շըրրի: