Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւնը
Այսօր կը սկսի 2014-2015 տարեշրջանի Լիբանանեան Պասքեթպոլի աղջկանց առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Բացման խաղը իրար դէմ կը հանէ Շապապ Արապին եւ Ռիատին` երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի դաշտին մէջ:
Սակայն ՀՄԸՄ-ի համար տարեշրջանը կը սկսի վաղը` չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութը: Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութ այս տարի նոր բարձրացաւ առաջին դասակարգ:
Համակիրներէն կը խնդրուի դաշտ ներկայանալ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: Այս պարագային յաղթանակը վստահօրէն պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ին, ըլլայ այդ մէկը Անթիլիասին կամ Պէյրութին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի երկու խումբերուն` այս տարուան ախոյեանութեան ընթացքին, եւ կասկած չունինք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց կարելին պիտի ընեն խումբին համար եւ յոյսով ենք, որ լաւ արդիւնքներու կը հասնին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջին հանգրուանի բոլոր խաղերուն յայտագիրը.
– Շապապ Արապի – Ռիատի (երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր, ժամը 20:00-ին – Մանարա)
– ՀՄԸՄ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ Պէյրութ (չորեքշաբթի 10 դեկտեմբեր, ժամը 20:00-ին – Մզհեր)
– Մութթահետ – Հուփս (չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր, ժամը 20:00-ին – Սաֆատի)
– Պըրժ Այնթուրա – Անդրանիկ Պէյրութ (ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր, ժամը 20:30-ին – Պըրժ Այնթուրա)

