ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԱԼՔԷ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի Պորուսիա Տորթմունտ- Շալքէ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ բաժակակիր Շալքէի յաղթանակով, որ փենալթիներով` 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ախոյեան Տորթմունտը: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Շալքէի նոր բերդապահ Ռալֆ Ֆայեհրման, որ իր կազմին միանալով ստանձնեց խումբէն հեռացած Մանուէլ Նէօյըրի պաշտօնը, յաջողեցաւ զսպել երկու փենալթի:
Այսպիսով, 22 տարեկան բերդապահը տիտղոսի մը տիրանալով սկսաւ իր նոր ասպարէզին` Շալքէի հետ:
Նշենք, որ նախորդ տարի Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցաշարքը վերստին սկսաւ` 14 տարուան բացակայութենէ մը ետք:
CATEGORIES Մարզական

