Հատտատի Եւ Պարսելոնա Նոր Պայմանագիր Կնքեցին

1210_Munir---BarcelonaՊարսելոնայի պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ քաթալոնական ակումբը եւ խումբին երիտասարդ յառաջապահ Մունիր Հատտատին նոր պայմանագիր կնքեցին, եւ ըստ այս պայմանագիրին, 19-ամեայ ֆութպոլիստին հրաժարագինը դարձաւ 35 միլիոն եւրօ: Այս համաձայնագիրով ակումբը իր կազմին մէջ պիտի պահէ մարզիկը մինչեւ յունիս 2017:

Յիշեցնենք, որ 2014 թուականը Հատտատիի համար շատ արդիւնաւէտ տարի մը եղաւ, որովհետեւ ան Պարսելոնայի 19 տարեկանէն վար խումբին հետ դարձաւ այդ տարիքի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ախոյեան` աւարտական խաղին նշանակելով 2 կոլ եւ դառնալով այդ մրցաշարքին ամէնէն շատ կոլ նշանակող խաղացողը` նշանակելով 11 կոլ:

Նշենք, որ այդ աւարտական խաղէն քանի մը ամիս ետք ան կանչուեցաւ Պարսելոնայի առաջին խումբ եւ մասնակցեցաւ տարեշրջանը նախորդող բարեկամական մրցումներուն: Ան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով այժմ բազմաթիւ առիթներով դաշտ կը ներկայանայ Սպանիոյ ախոյեանութեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խաղերուն:

Աւելցնենք, որ Սպանիոյ ազգային հաւաքականի մարզիչ Վինսենթէ Տել Պոսքէ հետեւելով Հատտատիի խաղերուն զայն կանչեց եւ միացուց ազգային խումբին: Ան իր առաջին մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ շապիկը կրած Մակեդոնիոյ դէմ Եուրօ 2016-ի զտումի խաղի` փոխարինելով Քոքէն:

Share this Article
CATEGORIES