«Հարաւային Հոսք»-ին Փոխարէն Կառուցուող Կազատարը Փութինի Առաջարկով Պիտի Կոչուի «Թրքական Հոսք»

Փութին եւ Էրտողան
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է կազի նոր խողովակաշարը, որ Թուրքիոյ տարածքէն պիտի անցնի, «Հարաւային հոսք»-ին փոխարէն կոչել «Թրքական հոսք»:
«Փութինի առաջարկով մենք քննարկեցինք կազի խողովակաշարը «Թրքական հոսք» կոչելու գաղափարը: Անիկա Սեւ ծովուն ճամբով Ռուսիայէն պիտի հասնի Թուրքիա եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունաստանի սահման: Թուրքիան եւ Եւրոպան այնքան վառելանիւթ պիտի ստանան, որքան կը պահանջուի, եւ Թուրքիան պիտի դառնայ շրջանին համար տարանցիկ երկիր», նշած է Էրտողան:
Փութին Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր «Հարաւային հոսք» նախագիծի դադրեցումը` նշելով, որ ատոր պատճառը Եւրոպական Միութեան երկիրներու ապակառուցողական մօտեցումն է:

