Կռփամարտ. Գառնիկ Յարութիւնեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

1211_karnig-haroutyounianՀայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ հայ կռփամարտիկ Գառնիկ Յարութիւնեան ոսկի մետալի տիրացաւ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լաթվիայէն, Էսթոնիայէն, Լիթուանիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Մոլտովայէն, Ֆինլանտայէն եւ Ռուսիայէն մարզիկներ:

56 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Յարութիւնեան աւարտականին յաղթեց Տմիթրի Տուտմանին (Լաթվիա) եւ տիրացաւ ոսկի մետալին:

Նշենք, որ Գառնիկ Յարութիւնեան ոսկի մետալի տիրացած էր նաեւ Մախաչքալայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES