Անանուն Բարերարներ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մեր կեանքին մէջ կան զանազան երեւոյթներ, որոնք կ՛արժէ յատուկ ձեւով մատնանշել, որպէսզի վարակիչ դառնան:

Տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը հաւատան բարեգործութեան: Հայ ընտանիքի մը, պատանիի մը, աշակերտի մը, մամիկի կամ պապիկի մը օգտակար ըլլալը հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ եւ իսկապէս, հակառակ նիւթականացած մեր կեանքին եւ բարոյական արժէքներու նուազ հաւատացող մեր միջավայրին, տօնական օրերուն եթէ իւրաքանչիւրս իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ բարեգործութիւն մը ընէ, հոգեպէս մեծ բաւարարութիւն կը ստանայ:

Գօտեպնդիչ եւ յուսատու երեւոյթներ արձանագրուեցան անցնող ամիսներուն, զանոնք պիտի յիշեմ իբրեւ օրինակ:

Պուրճ Համուտի մէջ գործող ազգային վարժարան մը Պոսթընէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կը ստանայ եօթանասուն չորս տարեկան կնոջմէ մը, որ շրջանաւարտն է այդ դպրոցին: Դպրոցի մանկապարտէզի աշակերտներուն կը նուիրէ 2000 տոլար` Նոր տարուան նուէրներ բաժնելու նպատակով:

Անանուն բարերար մը 185 ուտեստեղէնի տուփեր կը ղրկէ ԱՖՀԻԼ, որպէսզի անկարող եւ անկողինին ծառայող ծեր մամիկներու եւ պապիկներու բաժնուին:

Հալէպէն հասած եւ քաղցկեղէ տառապող երիտասարդուհիի մը հիւանդանոցային ծախսերու հոգածութիւնը ստանձնած է ֆրանսահայ ընտանիք մը. բուժման բոլոր ծախսերը աւելի քան 80,000 տոլար կը կազմեն: Քեսապի մէջ վիրաւորուած երիտասարդի մը հիւանդանոցային ծախսերուն կը մասնակցի իր նախկին դասընկերը` Տուպայէն, աւելի քան 40,000 տոլարով: Իտալահայ ընտանիք մը 5000 տոլար կը յատկացնէ «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ նախազգուշական գրասենեակին` թմրամոլ երիտասարդներու բուժման ծախսերուն յատկացնելու նպատակով: Սքոլիոզիսէ վարակուած 16 տարեկան պարմանուհիի մը գործողութեան ծախսերը, որոնք կը հասնին 28,000 ամերիկեան տոլարի, կարելի կ՛ըլլայ ապահովել երկու-երեք երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած դրամահաւաքի մը: Գումարը կը տրամադրուի «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին, որպէսզի գործողութիւնը տեղի ունենայ:

Ինչպէս կը տեսնէք զանազան առիթներով տարբեր երկիրներէ բարի նպատակի համար կատարուած այս նուիրատուութիւնները բոլորը անանուն բարերարներէ են:

Ցուցամոլութենէ հեռու եղող այս անանուն բարերարները, իրենց կատարած աշխատանքով վարակիչ ըլլալու օրինակը պէտք է տան եւ անոնց արարքը դաստիարակիչ ըլլայ: Ազնուօրէն, հեռու լուսարձակներէ, բեմերէ եւ մամուլի յայտարարութիւններէ աւելի աստուածահաճոյ գործ է, քան միւս ձեւերը:

Տօնական այս օրերուն փափաքս է, որ անանուն բարերարները բազմանան: Փաստօրէն մեր ժողովուրդի կարիքները` շատ են, բայց մեր կարելիութիւնները` սահմանափակ: Բոլորս կրնանք անանուն բարերար ըլլալ, կարեւոր չէ նուիրատուութեան եւ մասնակցութեան չափը, կարեւորը օգտակար ըլլալն է: Կարեւորը ուրիշը ուրախացնելն է: Կարեւորը հայ ընտանիք մը առանձին չձգելն է:

Անանուն բարերար ըլլալը կրկնակի մեծութիւն է: Անանուն բարերար ըլլալը խառնուածքի եւ սկզբունքի հարց է: Թող ներեն բոլոր անանուն բարերարները, եթէ այս յօդուածով անոնց եսը  վիրաւորեցի: Նպատակս պարզապէս դաստիարակիչ եւ օրինակելի երեւոյթներ լուսարձակի տակ բերելն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )