Երաժիշտ Եւ Գործիչ Փիթըր Ճամի «Եունիվըրսալիթի» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

1212_peter2Կազմակերպութեամբ «Վըրճըն մեկասթոր»-ի, երէկ` ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութ Սուքսի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երաժիշտ, երգահան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան-գործիչ Փիթըր Ճամի (Ճամպազեան) «Եունիվըրսալիթի» խորագիրը կրող նոր ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը: Ձայնասկաւառակին հիմնական նիւթն է. «Խաղաղութիւնը կը սկսի քեզմով եւ ինձմով, իմ ընկեր»:

Շնորհահանդէսը սկսաւ Փիթըր Ճամի կողմէ ներկայացուած կենդանի կատարումներով` հին ու նոր երգերու: Անկէ ետք Փիթըր Ճամ ստորագրեց իր նոր ձայնասկաւառակը, որուն շնորհահանդէսը Լիբանանէն առաջ արդէն իսկ տեղի ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ:

Ձայնասկաւառակը կը պարունակէ երկու հայերէն երգեր` «Պինկէօլ» եւ «Զեփիւռ կը դառնամ», Փիթըր Ճամի կողմէ վերամշակուած տարբերակով:

Փիթըր Ճամ սովորական երաժիշտ-երգահան չէ, որովհետեւ անոր նպատակն է երաժշտութեան ընդմէջէն բան մը փոխել, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն տարածել, այդ պատճառով ալ դարձած է գործիչ` բնաբան ունենալով «Դրական պատգամ` երաժշտութեան եւ արուեստի զօրութեան ընդմէջէն»: Ան կը հաւատայ, որ երաժշտութիւնն ու արուեստը մեծ ազդեցութիւն ունին մարդուն վրայ:  Այդ նպատակով ալ ան այցելած է եւրոպական 18 երկիրներ, ուր ելոյթներ տուած է խաղաղութիւն տարածելու եւ խաղաղութեան պատգամ փոխանցելու նպատակով` իր շրջագայութիւնը խորագրելով «Եւրոպայի խաղաղութեան շրջապտոյտ»: Այդ պատճառով ալ ան Եւրոպական միութեան «Ունիվըրսըլ փիս ֆետըրէյշըն»-ի կողմէ համապատասխան վկայագիր-հաստատագիրով նկատուած է Մարդկային իրաւունքներու դեսպան: Իբրեւ այդպիսին ան նաեւ կը փորձէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան մասին խօսիլ` իբրեւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման ահաւոր դէպք մը, զոր դիմագրաւած, եւ որմէ վերապրած է նաեւ իր մեծ հայրը: Փիթըր Ճամ կը շեշտէ, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեամբ ոտնակոխուած մարդկային իրաւունքներուն գիտակից չդառնայ աշխարհը, անիկա կրնայ կրկնուիլ եւ շարունակուիլ:

Փիթըր Ճամ համերգներ տուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ իր նուազագոյն պարտականութիւնն է հայրենիքի մէջ ներդրում ունենալ, իր արուեստը ծառայեցնել նաեւ հայաստանցի հայրենակիցներուն:

«Ազդակ» Փիթըր Ճամի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր պիտի հրատարակենք հետագային:

Share this Article
CATEGORIES