Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի 66-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյին Ընթացքին . «Մարդկութեան Դէմ Գործուած Յանցագործութիւնները Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունին» Ընդգծեց Դեսպան Քոչարեան

IMAG086010 դեկտեմբերին Պէյրութի մէջ Լիբանանի Մարդու եւ մարդասիրական իրաւունքի հիմնադրամը կազմակերպեց երեկոյ մը` նուիրուած Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 66-ամեակին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց հիմնադրամի կիներու հարցերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լինա Օսէյրան: Այնուհետեւ հիմնադրամի անդամներ Փիթըր Հաննա եւ Մունա Աքլ ներկայացուցին մանրամասնութիւններ Լիբանանի մէջ մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Օրուան գլխաւոր բանախօս, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, պատմական-մշակութային արժէքներուն եւ հարուստ ժառանգութեան, ընդգծեց լիբանանահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ-լիբանանեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան խորացման եւ զարգացման գործին մէջ:

IMAG0856Դեսպանը իր ելոյթին հիմնական բաժինը նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան, ներկայացուց մանրամասնութիւններ ցեղասպանութեան իրագործման մեքանիզմներուն եւ հանգրուաններուն, միջազգային ճանաչման շարունակական հոլովոյթին, 100-ամեակին ընդառաջ տարուող նախապատրաստական աշխատանքներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ դատապարտման ուղղութեամբ իրականացուած Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն առնչութեամբ: Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած բոլոր երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` մասնաւորապէս Լիբանանի խորհրդարանին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած միակ օրէնսդիր մարմինն է Միջին Արեւելքի մէջ:

Եզրափակելով իր ելոյթը` դեսպան Քոչարեան նշեց, որ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին: Խօսելով թրքական իշխանութիւններուն ժխտողական քաղաքականութեան անհեռատեսութեան մասին` ան ընդգծեց, որ ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ միջազգային հանրութիւնը Թուրքիայէն կը սպասեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած սարսափելի յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Ձեռնարկին աւարտին յանձնուեցան մրցանակներ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ ունեցած նպաստի համար: Երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդի նախագահը, իրաւաբաններ, դատաւորներ, դիւանագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի, Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, ուսանողներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES