«Սեզոպել»-ի Մանուկներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Արաբական Միացեալ Համալսարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ «Արապ օփըն եունիվըրսիթի»-ի (արաբական բաց համալսարան) տնօրէնութեան եւ կազմակերպութեամբ համալսարանի Ուսանողական հարցերու գրասենեակին, Կաղանդի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, համալսարանի Անթիլիասի մասնաճիւղին մէջ, ներկայութեամբ համալսարանի անձնակազմի կարգ մը դասախօսներուն եւ անդամներուն, ուսանողներու, «ՍԵԶՈՊԵԼ»-ի մանուկներու եւ բարեկամներու: Նշեալ գրասենեակին անունով Ժաք Ապուլիաս ողջունեց ներկաները եւ բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ներկայացնելով յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Ապուլիաս ընդգծեց համալսարանի մարդասիրական ծառայութեան տուած կարեւորութիւնը` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս` Անթիլիասի մասնաճիւղի տնօրէն Միշէլ Նաամէին եւ համալսարանի Լիբանանի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Ֆայրուզ Սարգիսին, զայն հրաւիրելով իր խօսքը փոխանցելու: Տնօրէն դոկտ. Ֆայրուզ Սարգիս իր կարգին շեշտեց, կրթականի կողքին, համալսարանի ընկերային մարդա սիրական առաքելութիւնը: Ան յայտնեց, որ համալսարանը բաց է անխտիր բոլորին համար, ուր ուսանողներ կը վճարեն կրթաթոշակին միայն երեսուն առ հարիւրը իսկ մնացեալը կը ֆինանսաւորուի «Ծոցի բարգաւաճման ծրագիրի սնտուկ»-ին կողմէ: Ան աւելցուց, որ իր այս նախաձեռնութեամբ, ԱԲ համալսարանը կը փորձէ ժպիտ դրոշմել բոլոր կարիքաւորներու դէմքերուն ու այս պարագային` «ՍԵԶՈՊԵԼ»-ի մանուկներուն: Դոկտ. Սարգիս նշեց այս առումով ցարդ իրագործուած նախաձեռնութիւններն ու յառաջիկայի ծրագիրները, որոնցմէ` քաղցկեղի «Սեն Ժիւտ» կեդրոն այցելութեան քայլը, յառաջիկայ շաբաթ: Այս առթիւ «Ազդակ»-ին հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն դոկտ. Սարգիս ընդգծեց, որ համալսարանին նպատակն է հասնիլ ու նպաստել բոլորին ներառեալ` հայ ուսանողներու, բարձր գնահատելով հայերու ներդրումը լիբանանեան ազգային խճանկարի համակեցութեան մէջ: Ան յիշեց, թէ համալսարանը սերտ կապեր ունի հայկական հաստատութիւններուն հետ, յատկապէս` բանաւոր մամուլի ծիրին մէջ: Համալսարան կը յաճախեն նաեւ հայ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ անձնակազմին մէջ կան հայ դասախօսներ: Համալսարանի կրթական մակարդակին գծով դոկտ. Սարգիս յայտնեց, թէ համալսարանը կը շնորհէ մինչեւ մագիստրոսի աստիճանով լիբանանեան եւ բրիտանական զոյգ վկայականներ, նշելով, որ բոլոր խաւերու ուսանողները կը վճարեն միայն երեսուն առ հարիւր կրթաթոշակ, իսկ աւելի համեստ վիճակով ուսանողներու պարագան կը սերտուի յաւելեալ զեղչի համար: Իր կարգին 1975-ին Իվոն Շամիի կողմէ հիմնուած յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու հոգածութեան կազմակերպութեան Ռիհանիէի մասնաճիւղի պատասխանատուներէն Սուհայլա Աթուշ «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով` յայտնեց, թէ «ՍԵԶՈՊԵԼ»-ի նպատակն է հոգալ ու խնամել յատուկ հոգածութեան կարօտ, անկար, անխտիր բոլոր խաւերէն եկող շուրջ 850 մանուկներ, որոնցմէ 250-ը ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն այս դպրոց-կեդրոնը: Ան յայտնեց, որ այս առաջին միացեալ ձեռնարկն է համալսարանին հետ, ուր 25 մանուկներ եկած են վայելելու համալսարանին ընձեռած տօնական մթնոլորտը: Համալսարանի ուսանողներէն Նուարդ Սարգիսեան խիստ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ տիրող կրթական մթնոլորտին ու մակարդակին մասին: «Ազդակ»-ի հետ զրուցելով` Սարգիսեան յայտնեց, թէ համալսարան կը յաճախեն կարեւոր թիւով հայ ուսանողներ, որոնցմէ հինգը իր դասարանն են: Իր կարգին, համալսարանի Ուսանողական հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Ռանա Հայտար ընդարձակ ու մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ազդակ»-ին` համալսարանի գործունէութեան ու յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին, տեղացի, հայկական թէ այլ շրջանակներու հետ: Նմանապէս` նոյն բաժանմունքի անձնակազմէն Ռոյ Ուուէյտա հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ համալսարանի բաժանմունքներուն եւ ներքին գործունէութեան մասին: «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցով Ուուեյտա բացատրութիւններ տուաւ համալսարանի ընկերային գործունէութեան զանազան քայլերուն մասին: Այս առթիւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Լոլան եւ իր Եուսի եւ Եուփփի խամաճիկները տօնական երգերով ու խաղերով խանդավառեցին մթնոլորտը, որմէ ետք Կաղանդ պապուկը յատուկ նուէրներ բաժնեց մանուկներուն: Աւարտին բոլորը հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան: