Ըմբշամարտ. Արմէն Նազարեան` Պուլկարիոյ Տարուան Լաւագոյն Մարզիչը

1214_armen-nazarian1996-ի յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեան ճանչցուեցաւ այս մարզաձեւի Պուլկարիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչը, յայտնեց ArmSport.am` իր լուրը քաղելով Պուլկարիոյ ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն:

Նշենք, որ 40 տարեկան մասնագէտը, կը գլխաւորէ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ ազգային հաւաքականը:

Պէտք է նշել նաեւ, որ ողիմպիականի կրկնակի (2000-ին` Պուլկարիոյ դրօշին տակ), աշխարհի եռակի, Եւրոպայի վեցակի ախոյեանը վերոնշեալ տիտղոսին կ՛արժանանայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:

 

Share this Article
CATEGORIES