Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մեկուսանաք ձեր շրջանակէն: Բաց դուռ մը ձգեցէք ուրիշներուն համար: Սիրալիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեր շուրջը լսուած ըսի-ըսաւներուն: Արհամարհեցէք հին խօսքերը եւ կառչած մնացէք առողջ տրամադրութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սիրոյ մէջ ներկայացած հանգրուանները մի՛ ոտնակոխէք: Ձեր զգացումները թող կեդրոնանան արդարութեան վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընտանիքը ձեզի կը յիշեցնէ կարգ մը պարտաւորութիւններ: Լուռ մի՛ մնաք, յարաբերութեան ուժ տուէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի չկարենաք ձեր ուզածին տիրանալ անուշութեամբ: Տիրական ձեւով պահանջատէր եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տօնական օրերը վտանգաւոր են դրամատունը պահ դրուած ձեր դրամի հաշուոյն: Զգուշութեամբ ծախսեցէք ձեր դրամը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ զոհէք ձեր հանգիստը անիմաստ կերպով: Յարգեցէք դուք ձեզ` առանց հպարտանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դիւրաբեկ առողջութիւն, առանձնութիւն, դժուար օր մը որ առիթ պիտի տայ ձեզի նշմարելու այն բանը, որ կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբ ծրագիր մը ունիք կատարելիք ուրիշներու հետ, հարցը լաւ սերտեցէք, որպէսզի գիտնաք, թէ իւրաքանչիւրը դէպի իր կողմը կը քաշէ հարցը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզի պիտի մեղադրեն, որ յառաջդիմելու փափաք չունիք, բայց ցոյց տուէք, որ կրնաք ձեր երազները իրականացնել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պատրաստ եղէք ներելու ամէն անոնց, որոնց հանդէպ քիչ մը պաղ վերաբերում ցոյց տուած էք: Ներողամիտ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամէն կողմ հարցեր կը տեսնէք, բայց լուծումները կ՛ուշանան` հակառակ ձեր ջանքերուն: Մի՛ յուսահատիք: