«Հայաստանը Պէտք Է Փոխհատուցումը Պարտադրէ Թուրքիոյ», Կ՛ըսէ Արա Պապեան

News-am_Papian«Նիուզ.ամ» կը հաղորդէ, որ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան Բանակցութեան երեւանեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը առանց փոխհատուցման անընդունելի եւ անիմաստ է:

Ան հետեւեալ հարցումը առաջադրած է. փոխհատուցման համար անհրաժե՞շտ են արդեօք ճանաչումն ու դատապարտումը, եւ ճանաչման ու դատապարտման պարագային անոնց պիտի հետեւի՞ արդեօք փոխհատուցում: «Ես հանդիպում ունեցած եմ տարբեր թուրք բարձրաստիճան գիտնականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, ովքեր կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն երբ խօսքը փոխհատուցման մասին է, յատկապէս տարածքային, անոնք կ’ըսեն. «Մոռցէ՛ք այդ մասին», նշած է Արա Պապեանը: Հետեւաբար, անոր համոզումով, չ’արժեր յոյսեր կապել, որ թրքական հասարակութիւնը կարելի է բերել այն գիտակցութեան, որպէսզի ան փոխհատուցում վճարէ: Փոխհատուցման միակ ճանապարհը Թուրքիոյ հարկադրումն է: «Հայաստանը ատիկա պէտք է կատարէ արդէն գոյութիւն ունեցող միջազգային պայմանագրերու միջոցով», աւելցուցած է ան:

Share this Article
CATEGORIES