Լաւրով Քերրիի Յայտնած Է, Որ Ռուսիան Ճնշելու Փորձերը Անհեռանկար Են

Քերրի եւ Լաւրով

Քերրի եւ Լաւրով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հռոմի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ յարաբերութիւնները կրնան զարգանալ միայն հաւասար պայմաններու մէջ, իսկ Ռուսիոյ վրայ ճնշումներու փորձերը հեռանկար չունին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին մասին իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է. «Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հարցով ընդգծուած է մինսքեան համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման եւ այդ նպատակով ստեղծուած խումբի նիստ հրաւիրելու անհրաժեշտութիւնը»:

Երկկողմանի յարաբերութիւններու քննարկման ընթացքին Լաւրով ընդգծած է, որ անոնց զարգացումը կարելի է միայն հաւասարութեան եւ փոխադարձ շահերը հաշուի առնելու հիման վրայ, իսկ Ռուսիոյ վրայ ճնշումները ապարդիւն են:

 

Share this Article
CATEGORIES