Քուրթուա Առաջին Ֆութպոլիստը, Որ Դարձաւ Պելճիքայի Լաւագոյն Մարզիկը
Չելսիի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա նախորդ շաբաթավերջին ճանչցուեցաւ իբրեւ Պելճիքայի տարուան լաւագոյն մարզիկը:
Յատկանշական է այն կէտը, որ ցարդ ոչ մէկ ատեն Պելճիքայի մէջ ոեւէ ֆութպոլիստ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին չէր արժանացած:
Լաւագոյն մարզիկներու շարքին 5-րդ դիրքը գրաւեց Քուրթուայի խմբակից Էտեն Ազար:
Իսկ Պելճիքայի տարուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Մարք Վիլմոթց:
CATEGORIES Մարզական

