Մուշի Պատմական Հայկական Տուներուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Կը Կատարուի
ԴՈՆԱՐԱ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Ներկայիս Արեւմտահայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան ստեղծած յանձնաժողովը «Քաղաքային փոխակերպում» անունով ուսումնասիրութիւն կը կատարէ հայկական պատմական թաղամասին մէջ, ուր վերջին շրջանին հայկական տուներ աւերուած էին:
Յանձնաժողովի անդամները այցելած են Մուշի հայկական թաղամասը, որ հին ատեն կոչուած է «Ամրոց», ուսումնասիրած հայկական տուներու, եկեղեցւոյ, այլ շինութիւններու վիճակը:
Աշխատանքներէն ետք յանձնաժողովի անդամները կոչ ուղղած են` պահպանելու այս շրջանի պատմութիւնը, որը կու գայ ուրարտական շրջանէն:
Մուշ քաղաքի հնագոյն կառոյցներէն մէկը համարուող հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որ նաեւ այս թաղամասին մէջ կը գտնուի, ոչնչացման եզրին է: «Ակօս»-ի լրագրողը նախապէս ահազանգած էր եկեղեցւոյ իրավիճակին մասին, որմէ ետք նախապէս հայկական ընտանիքին պատկանող տուն մը եւ այդ եկեղեցին անցած են Էրզրումի «Մշակութային արժէքներու պահպանութիւն» կազմակերպութեան հովանաւորութեան տակ: Այս բոլորէն ետք ալ, սակայն, եկեղեցին նոյն անմխիթար վիճակին մէջ է:
Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին Ցեղասպանութենէն ետք վերածուած է մասնաւոր սեփականութեան:
Նշենք, որ այս տարի Թուրքիոյ մէջ որոշած էին քանդել նախապէս հայերուն պատկանած Մուշի 500 պատմական տուները` տեղը այլ շինութիւններ կառուցելու նպատակով:
Տեղւոյն իշխանութիւնները ոչնչացուցած էին տուներու 80 տոկոսը, սակայն աւելի ուշ որոշում տուած են դադարեցնելու քանդումի աշխատանքը:
«Թուրքագիտական փորթալ»

