Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եւրասիական Տնտեսութիւն …Դրամի Արժեզրկո՞ւմ
Մասնագէտ տնտեսագէտէն մինչեւ թիւերէն, թուաբանութենէն եւ թուային կառոյցներէ բոլորովին հեռու եւ անտեղեակ հայորդիին համար կրնայ անհասկնալի թուիլ կապը` վերջերս Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու որոշումին եւ դրամի հետեւողական արժեզրկումին:
Պարզ է, որ դէպքերու իրադարձութիւններու եւ տարածաշրջանէն ներս տիրող կացութեան իբրեւ հետեւանք` կտրուկ կերպով այս միութեան անդամակցելու դէմ արտայայտուողը ծայրայեղօրէն թեր պիտի արտայայտուի եւ ամէն երեւոյթ պիտի կապէ դրամին արժեզրկման հետ:
Պարզ ու յստակ է առեղծուածը կամ ստեղծուած կացութիւնը:
Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր տիրող Ուքրանիոյ անկայուն վիճակը, եւ այդ կացութեան հետեւանք` Եւրոպա կամ Արեւմուտք ընդդէմ Ռուսիա թշնամութիւնը պատճառ դարձած է, որ հետզհետէ, յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս, ճնշում բանեցուի Փութինի վարչամեքենային վրայ: Այս իրադարձութիւններուն հետեւանք է, որ Եւրոպային մատակարարուող «Հարաւային հոսանք» նախագիծին իրականացումը ջնջուեցաւ եւ, այսպէս, տնտեսական բաց մը ստեղծելով` Փութին ուղղուեցաւ Անգարա, իր երկրի ուժանիւթի մատակարարումը տրամադրելով այլ շուկաներու, եւ հաւանաբար ալ համեմատած եւրոպացիներուն խոստացուած սակագինէն շատ աւելի պակաս, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նոր խողովակաշարի կառուցումը շատ աւելի քիչ ծախսերու դուռ պիտի բանայ:
Արդեօք նաեւ կապե՞լ ուժանիւթի գիներու անկման պատկերը Ռուսիոյ վրայ դրուած արեւմտեան պատժամիջոցներուն: Այս մէկն ալ անուղղակիօրէն բացատրելի եւ ընդունելի է, նկատի ունենալով, որ նոյնինքն Ռուսիա, այդ բնագաւառէն ներս առաջնահերթ արտադրող երկիրներէն մէկն է:
Ակնթարթ մը մէկդի դնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու Հայաստանի ղեկավարութեան տուած որոշումները, յստակ է, որ սերտ տնտեսական կապեր գոյութիւն ունին Ռուսիոյ հետ: Հայրենի գրեթէ ամէն մէկ տունէ, Ռուսիա գաղթած եւ հոն ալ հաստատուած հայեր, նիւթական ներդրումներ կը կատարեն` հետեւողական ձեւով դրամական օժանդակութիւններ փոխանցելով Հայաստան:
Գոյութիւն ունի այլ` մտածելակերպ… այլընտրանք: Արդարեւ, Հայաստանի նախագահ Սարգսեանին համար մեծ յոյսեր կը ներշնչէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը, որ ըստ իրեն, ներդրումներու լայն դաշտեր պիտի ապահովէ: Աւելի՛ն. ան համոզուած է, որ անդամակցութեան առաջին օրէն իսկ, այսինքն յունուարի 1, 2015-ին, շատ մեծ հեռանկարներ պիտի բացուին «գործունեայ մարդկանց» համար:
Իրատես եւ իրապաշտ ըլլալով` ցարդ եւ գէթ մինչեւ յունուար 1, 2015 տուժող զանգուած մը կայ:
Շաբաթներ առաջ 410 դրամը համահաւասար էր մէկ տոլարի: Դեկտեմբեր 1-ին այս համեմատութիւնը բարձրացաւ 435-ի:
Եւ դեռ ալ այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ Ամանորի առթիւ, մինչեւ յունուար 1… Շնորհաւոր Նոր տարի՞: