Լուրեր Կաթողիկոսարանէն
Այցելութիւն Ապու Տապիի
Հայկական Դեսպանատուն
10 դեկտեմբեր 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն` ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն ու երեսփոխաններուն:
Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, ի յիշատակ վեհափառ հայրապետին այցելութեան, դեսպանատան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում: Ապա դեսպանատան մէջ, դեսպան Գեղամ Ղարիպջանեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան` Հայաստանի հզօրացման ձգտող աշխատանքներուն: Ան նշեց, որ անձնապէս կաթողիկոսը կը ճանչնայ քսանհինգ տարիներէ ի վեր եւ քաջածանօթ է անոր ազգային թէ միջազգային աշխատանքներուն ու իրագործումներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Հայաստանի դեսպանատան մէջ, որ հայկական հող մըն է Հայաստանէն դուրս, ինչպէս նաեւ ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, եւ հայրենիքը սրբազան վայր է` իր հողով ու մշակոյթով, իր արժէքներով ու ձգտումներով: Հայաստանի հզօրացումը հայ ժողովուրդին հզօրացումն է եւ փոխադարձաբար:
Հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ նոյն օրը կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան հետ:
Արամ Ա. Պարգեւատրեց Ապու Տապիի Համայնքի
Ծառայութեան Նուիրուած Ազգայինիննր
12 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան` Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը շուրջ 400 ազգայիններու մասնակցութեամբ:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ առանցքային տեղը եւ կարեւոր կոչումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ. «Եկեղեցին այն սրբավայրն է, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կ’ապրինք եւ հոգեւոր արժէքներով ու ճշմարտութիւններով կը լիցքաւորուինք: Եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութեամբ կը պայծառակերպուինք, ուստի եկեղեցին որպէս «Քրիստոսի խորհրդական մարմին»-ը մեզ կը հրաւիրէ մաս կազմելու իր կեանքին ու առաքելութեան»: Շարունակելով իր խօսքը` ան յիշեցուց, թէ «եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար նաեւ ստացած է ազգային նկարագիր ու կոչում. հայ մշակոյթի ծագման ու զարգացման մէջ կարեւոր դեր է ունեցած, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ընկերային ծառայութեան մէջ, հիմնական դերակատար է եղած: Աւելի՛ն. մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ հայրենիքի անկախութեան ու պաշտպանութեան մէջ հայ եկեղեցին իր կարեւոր ներդրումն է ունեցած: Վերջին տասնամեակներուն, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն մէջ անուրանալի է հայ եկեղեցւոյ բերած ծառայութիւնը»:
Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Ապու Տապիի նորաօծ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին: Ան մեր ժողովուրդին հաւաքական տունը պիտի ըլլայ: Եկեղեցւոյ դռները բաց պիտի ըլլան հայ ազգի բոլոր մեր զաւակներուն առջեւ` հանդիսանալով հոգեւոր արժէքներու, ապրումներու եւ ազգային ձգտումներու կենսայորդ աղբիւր»:
Արամ Ա. վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան կարեւոր նպաստ բերած Արա Խանոյեանը եւ Սուրէն Գոժաքեանը:
Կաթողիկոսը յայտնեց, որ մօտիկ ապագային նաեւ պիտի պարգեւատրէ Ապու Տապիի հայ կեանքին մէջ երկար տարիներ ծառայած եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն իր գործօն աջակցութիւնը բերած Գրիգոր Մահսերէճեանը:
Այս առիթով, վեհափառը գնահատեց եկեղեցաշինութեան մասնակից դարձած Հրայր Սողոմոնեանը, Վարուժան Ներկիզեանը եւ բոլոր կնքահայրերն ու բարերարները:
Իր պատգամի աւարտին, գնահատելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը` կաթողիկոսը անոր նուիրեց ձեռաց խաչ մը: Ան նաեւ լանջախաչ մը նուիրեց Շարժայի ու Տուպայի հոգեւոր հովիւ Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեանին:
Ճաշկերոյթի ընթացքին, խօսք առաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ եկեղեցւոյ շինութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը համայնքին հաւաքական կեանքին մէջ: Հայերէն ու արաբերէն լեզուներով խօսք առաւ կաթողիկոսական փոխանորդը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ շինութեան առիթով` կոչ ուղղելով ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ պայծառացնէ եկեղեցւոյ կեանքը եւ ծաղկեցնէ ծառայութիւնը: Եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին անունով նախ խօսք առաւ Գրիգոր Մահսերէճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, արաբերէն լեզուով, ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Ապու Տապիի գաղութի կեանքին ու յատկապէս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Ապա, Հրայր Սողոմոնեան պարզեց եկեղեցւոյ շինութեան կարեւոր հանգրուանները եւ ներկայացուց շինարարական ծախսերուն պատկերը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպաններն ու հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ` Թեհրանի եւ Սպահանի թեմերու առաջնորդները եւ միաբան հայրեր:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ
Ապու Տապիի Մէջ Տեղի Ունեցած
Միջկրօնական Համագումարին
10-12 դեկտեմբեր 2014-ին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, նախաձեռնութեամբ Կրօններ խաղաղութեան համար միջազգային միջկրօնական կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, Վատիկանի, Վիեննայի Ապտուլլա թագաւորի միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ` միջկրօնական բնոյթ ունեցող միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու:
Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր հաւաքական կեցուածք մը բանաձեւել կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ: Ընդառաջելով ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի հրաւէրին` Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ ժամ մը մասնակից եղաւ ժողովական աշխատանքներուն եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:
Ողջունելով ծայրայեղական շարժումներուն դէմ հաւաքական կեցուածք ճշդելու ճիգը` ան ըսաւ. «Ծայրայեղութիւնը բոլոր կրօններու պարագային վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ ան շեղում մըն է տուեալ կրօնի ուսուցումներէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն: Հետեւաբար, կրօններ պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն ծայրայեղականութեան դէմ համաշխարհային պայքարին, պահելով իրենց մասնակցութեան ու նպաստին իւրայատկութիւնը»: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ երկու շրջագիծերուն մէջ ներկաներուն փոխանցեց իր մտածումներն ու վերլուծումները: Ան դիտել տուաւ, որ ճիշդ չէ միայն նկարագրել, պարզել ծայրայեղականութեան զանազան արտայայտութիւններն ու հետեւանքները: Անհրաժեշտ է վերլուծել անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները: Այս ուղղութեամբ իսլամ աստուածաբաններ, պատմաբաններ ու կրօնական պատասխանատուներ կարեւոր դեր ունին կատարելիք: Ան լուսարձակի տակ առաւ Քուրանի սխալ մեկնաբանութեան, կրօնը գաղափարախօսութեան վերածելու ճիգին եւ ուրիշը մերժելու մօտեցումին դատապարտելիութիւնը:
Կաթողիկոսը շեշտեց, որ ծայրայեղականութիւնը կարելի չէ սոսկ զինուորական ուժով արմատախիլ ընել: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ գաղափարախօսութիւնները բնաջնջելու պայքարը պէտք է ունենայ զանազան տարածքներ ու արտայայտութիւններ: Հետեւաբար, ծայրայեղականութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին մէջ անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հետեւեալները` դաստիարակութիւն, «ուրիշը» յարգելու պարտաւորութիւն, միասնաբար ապրելու հրամայականը` յարգելով մեր տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները, որոնք կը կազմեն հիմքը ընկերութեան»: Յիշեալ հարցերուն գծով մանրամասն բացատրութիւններ տալէ ետք կաթողիկոսը շեշտեց, որ կրօնները կարեւոր դեր ունին արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ: Ան կոչ ուղղեց իսլամ կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներուն` աւելի ազդու մասնակցութիւն ունենալու ծայրայեղականութեան դէմ տարուող պայքարին: