ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային փինկ փոնկի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Ճօ Խալիլ Խուրիի, կիրակի, 24 յուլիսին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի միօրեայ մրցաշարք մը` նուիրուած Պօղոս Յովհաննէսեանի յիշատակին:
Մրցումներուն հսկողութիւնը կատարեց Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Րաֆֆի Մումջողլեան:
Երեք դասակարգերու բաժնուած մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 78 երկսեռ մարզիկներ: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ նաք-աութի դրութեամբ:
Ստորեւ` աւարտական մրցումներուն արդիւնքները.
Փոքրեր (1996 եւ վեր ծնունդ)
Նենսի Մումջողլեան – Սամեր Ֆատել 3-0
Կրտսերներ (1990-1995-ի ծնունդ)
Ժորժ Ուահպէ – Էլի Ազար 3-0
Վեթերաններ
Նազիհ Տաապուլ – Պահժաթ Ժահժահ 3-1
Մրցումներու աւարտին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան կատարեց Պօղոս Յովհաննէսեանի անուան մրցաշարքին յատկացուած մետալներուն բաշխումը` բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: