Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Մերքելի, Հոլլանտի Եւ Փորոշենքոյի Հետ

Մերքել, Փորոշենքo եւ Փութին
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի հետ, որոնց ընթացքին ընդգծուած է Տոնպասի հրադադարի ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
«Շարունակուած է Ուքրանիոյ ճգնաժամային իրավիճակին շուրջ քննարկումը: Միջազգային ջանքերու ծիրին մէջ ընդգծուած է Տոնպասի մէջ կայուն հրադադարի ապահովման անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է կապի խումբի նիստ գումարելու կարեւորութիւնը եւ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին հետ Քիեւի երկխօսութեան կարգաւորումը:
Առաջնահերթ խնդիրներու ցանկին մէջ մասնաւորաբար նշուած են` գերեվարուած անձերու փոխանակումը եւ հակամարտող կողմերու ծանր սպառազինութեան հեռացումը շփման գիծէն:

