Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով. 3500 Աշակերտներ Վայելեցին «Ֆանթասթիք Ուըրլտ»-ի Ներկայացումները
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով, Պուրճ Համուտի կրթական հաստատութիւններու եւ հայկական վարժարաններու շուրջ 3500 աշակերտներ երէկ ներկայ գտնուեցան «Ֆանթասթիք Ուոըրլտ»-ի գեղարուեստական ներկայացումին:
Արդարեւ, Պուրճ Համուտի վարժարաններու Ա.-էն Զ. կարգերու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ս. Խանամիրեան եւ Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարաններու իրենց դասընկերները, առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցած ելոյթներուն ընթացքին վայելեցին Ծայրագոյն Արեւելքէն պարախումբի եւ Ափրիկէէն մարզիկներու ներկայացումները, ինչպէս նաեւ հտպիտներու ելոյթները:
Նշենք, որ հետզհետէ սովորութիւն դարձող այս ձեռնարկը միակը չէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ամանորեան ծրագիրին մէջ: Անցած տարիներուն նման, այս տարի եւս քաղաքապետարանի Կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց շրջանի մանկապարտէզներու եւ մանկամսուրներու մանուկներուն: Ան կը ծրագրէ նոյնը ընել տօնական օրերու նախօրեակին` շրջանի փողոցներու մէջ անցորդ փոքրիկներու:
Ասոր կողքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նախանձախնդիր է պատուելու շրջանի երէցները, նոյնպէս աւանդութիւն դարձած տարեկան յատուկ ձեռնարկով:

