Համազգայինի «Կարկաչ» Եւ «Այգ» Երգչախումբերը Կը Մասնակցին «Պէյրութ Չանթս» Երաժշտական Փառատօնին
Յաջորդական 6-րդ տարին ըլլալով, շաբաթ, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս» փառատօնի ծիրին մէջ պիտի մատուցէ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան համերգ մը, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբը:
Այս առիթով յաջորդական երկու շաբաթավերջեր զոյգ երգչախումբերը պատրաստութեան յաջորդական փորձեր կատարեցին Հայ աւետարանական ՔՉԱԿ-ի մէջ, ուր անցուցին նաեւ ընկերային յիշարժան պահեր: Այս առիթով «ԱՅԳ» երգչախումբին այցելեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան եւ ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը` նիւթ ունենալով «Զոհողութիւն յանուն արուեստի»:
Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան կիրակի օր տեղի ունենալիք համերգին մասին խօսելով «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ այս տարուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէ տօնական մթնոլորտ ստեղծող նոր երգացանկ մը, ուր տեղ գրաւած են շարք մը հին եւ նոր խմբերգներ, որոնցմէ ոմանք իբրեւ նորութիւն պիտի հնչեն առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ուրիշներ արդէն դասականացած աւանդական սիրուած երգեր են` մշակման նոր եւ իւրայատուկ մօտեցումներով: Հայերէն երգերուն զուգահեռ պիտի կատարուին արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգչախմբային հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ:
Զաքար Քէշիշեան աւելցուց նաեւ, որ յաջորդական վեց տարիներէ ի վեր Կեդրոնական Պէյրութի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կայացող «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը նախորդ տարիէն ի վեր ընդգրկուած է Եւրոպական երաժշտական փառատօններու ընկերակցութեան մէջ, որուն շնորհիւ ո՛չ միայն բարձրացած է անոր երաժշտական նշանակութիւնն ու հեղինակութիւնը, այլ նաեւ տեղական մակարդակի վրայ իրենք զիրենք հաստատած արուեստագէտներու եւ երաժշտախումբերու կողքին փառատօնին սկսած են մասնակցիլ որակեալ եւրոպական երգչախումբեր ու մենակատարներ:
Յայտնենք, որ «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը սկսած է դեկտեմբեր 1-ին եւ ամէնօրեայ համերգներով կը շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 24: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հետաքրքրուողներ կրնան այցելել www.beirutchants.com կայքը: