Իր Գրասենեակը Օդակայան Փոխադրելու Տրամադրութեամբ`. Նախարար Ղազի Զաայթեր Այցելեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայան

1412340087_Փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ սպասարկութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր վերահաստատեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին վտանգէ զերծ ըլլալը` այցելելով անոր զանազան բաժանմունքները: «Լրատուական յերիւրանքներ»-ու վերագրելով շրջան ընող խափանարարական վտանգի սպառնալիքը օդակայանին գծով` նախարար Զաայթեր պատրաստակամութիւն յայտնեց իր աշխատասենեակը փոխադրելու Պէյրութի միջազգային օդակայան:

Միւս կողմէ, Լիբանանը ներկայացնող յատուկ թանգարան մը հիմնուեցաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES