ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՅԱՆԳԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՇՈՒՐՋ

Երկխօսութեան երկրորդ նիստը

Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ երկխօսութեան օրակարգը:

«Օրակարգը ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ սկզբունքով. քննարկման ենթակայ է այն հարցը, զոր ներկայացուցած է քոնկրեսը, առանց որեւէ փոփոխութեան, առանց որեւէ խմբագրութեան, եւ քննարկման ենթակայ է նաեւ այն հարցը, զոր ներկայացուցած է մեր աշխատանքային խումբը», հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարելու նպատակով իշխանութեան ձեւաւորած աշխատանքային խումբի ղեկավար, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան:

Օրակարգին վրայ ներառուած են երկու հարցեր. «Հայաստանի մէջ օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում եւ անոնց ազատութեան, արդարութեան եւ օրինականութեան ապահովման անհրաժեշտ միջոցառումները» եւ «Ընտրութիւններու պատշաճ կայացման նպատակով քաղաքակիրթ մրցակցութիւնը ապահովող կանոններու ձեւաւորումը»:

Մինչ կ՛ընթանար Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան հերթական հանգրուանը, Հայ ազգային քոնկրեսը տարածեց յայտարարութիւն մը, ուր իբրեւ քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման քայլ անհրաժեշտ նկատած էր արտակարգ ընտրութիւններու կայացման հարցը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու օրինականութեան ապահովման նպատակով 9 կէտնոց ծրարի ընդունումը:

Հայ ազգային քոնկրեսի ձեւաւորած պատուիրակութեան ղեկավար, քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ քոնկրեսը առաջարկած է նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ կայացնել հոկտեմբերի կէսերուն: Քոնկրեսին կարծիքով, նախագահական արտակարգ ընտրութիւնները պիտի ստեղծեն լրջագոյն երաշխիքներ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդար, ազատ եւ օրինական կայացման համար:

Ան աւելցուց, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին առաջարկներու մանրամասնութիւնները չեն քննարկուած եւ երկխօսութեան մասնակից կողմերը իրենց ժամանակը նուիրած են միայն երկխօսութեան օրակարգին ձեւաւորման:

Պատասխանելով արտակարգ ընտրութիւններու կայացման կարելիութեան վերաբերեալ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` Դաւիթ Յարութիւնեան քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ այս հանգրուանին այդ ընտրութիւններուն համար համապատասխան հենք չի տեսներ: Երէկ կրկին պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է որեւէ հանգրուանի մէջ այդ հենքը տեսնել, Դ. Յարութիւնեան նշեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու որեւէ հարց, բայց եթէ երկխօսութեան որեւէ կողմ սկիզբէն յայտարարէ, որ «ասոնք են իմ սահմաններս, ես ասկէ աւելի դուրս չեմ գար», ասիկա երկխօսութիւն չէ:

Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան երէկ յայտարարեց, որ իրենց ծրագիրներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ եւ երկխօսութեան կարելիութիւնը սպառած պիտի նկատուի  սեպտեմբերին: Ան աւելցուց, որ եթէ արտակարգ ընտրութիւններուն գծով համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա առճակատում պիտի ըլլայ:

Անդրադառնալով այս խօսքին` Դ. Յարութիւնեան յայտնեց, որ ինք չի կարծեր, թէ ատիկա իսկական մտադրութիւն է, որովհետեւ ինք քոնկրեսի բանակցող կողմին մասին շատ բարձր կարծիք ունի եւ կը կարծէ, որ եթէ նոյնիսկ այսպիսի յայտարարութիւն կատարած են, ապա ատիկա կատարած են զուտ մարտավարական նպատակներով:

Ըստ Դ. Յարութիւնեանի, կողմերը երէկ շատ արդիւնաւէտ ձեւով աշխատած են. բացի օրակարգի շուրջ համաձայնութենէն, անոնք քննարկած են նաեւ նախորդ հանդիպումէն ետք Հայ ազգային քոնկրեսի տարածած հաղորդագրութեան հետ կապուած հարցերը: Հայ ազգային քոնկրեսը յատուկ յայտարարութեամբ որոշակի պահանջներ առաջադրած է երկխօսութիւնը շարունակելու համար: Մասնաւորաբար, Քոնկրեսը երկխօսութեան կողմերու հաւասարութեան եւ հանրութեան` լիակատար տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքի ապահովման անհրաժեշտ պայման նկատած էր իշխանութեան հետ երկխօսութեան ծիրին մէջ ընթացող իրենց հանդիպումները ուղիղ եթերով սփռելը, պահանջած էր նաեւ վերացնել Հանրային պատկերասփիւռի կայանով եւ միւս կայաններով Հայ ազգային քոնկրեսի հանրահաւաքներուն մասին իրազեկող նիւթերու սփռման արգելքը:

Դ. Յարութիւնեան նշեց, որ իբրեւ կանոն երկխօսութիւններու ժամանակ ուղիղ սփռում չ՛իրականացուիր, որովհետեւ ատիկա անմիջապէս կը նուազեցնէ երկխօսութեան արդիւնաւէտութիւնը: «Կարծես թէ, մենք այդ հարցին շուրջ եւս ընդհանուր եզրակացութեան եկանք», յայտնեց Դ. Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է քոնկրեսի միւս պահանջներուն վերաբերեալ փաստերը տրամադրելու իշխանական պատուիրակութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES