Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, Եւրանեսթ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ռիշարտ Չառնեցքին:
Ըստ նախագահի մամլոյ ծառայութեան, զրոյցին ընթացքին Ռիշարտ Չառնեցքի նշած է, որ իր երկիրը (Լեհաստան) շատ լաւ կը պատկերացնէ եւ յատուկ ըմբռնում ունի այն աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան:
«Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են Եւրոպական Միութեան հետ միջխորհրդարանական գործակցութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւն- Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական գործակցութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական ձեւաչափի` Եւրանեսթ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սերժ Սարգսեան եւ Ռիշարտ Չառնեցքի քննարկած են այդ գործակցութիւնը արդիւնաւէտօրէն զարգացնելու կարելիութիւնները», յայտնած է պաշտօնական աղբիւրը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չառնեցքիի ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը, խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ Հայաստանի ջանքերն ու առկայ խնդիրները:

