Հայկական Մարզաշխարհ. Արթուր Ալեքսանեանին Շնորհուեցաւ «Ազնուագոյն Մարզիկ»-ի Անդրանիկ Կոչումը
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն «Ազնուագոյն մարզիկ» անուանակարգով կոչում սահմանեց ամէնէն արդար մարզիկներուն համար:
Ըստ armnoc.am-ին, պահանջներն են` բոլորէն շատ տոփինկի ստուգման ենթարկուողները` դրական արդիւնքով, մաքուր վիճակ, ժամանակին իր գտնուելու վայրին մասին մարզիկին յայտնած տեղեկութիւնը, հակատոփինկի կազմակերպութեան հետ ամէնէն շատ կապ ստեղծողը, տոփինկի վնասակար ազդեցութեան մասին տեղեկութիւն տարածողը եւ այլն:
2014-ին Հայաստանի մէջ սահմանուեցաւ երկու մրցանակ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յատկացուած դրամաշնորհով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխանցուած բաժակը եւ Հայաստանի հակատոփինկային կազմակերպութեան անուանական մրցանակը:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի հակատոփինկային բաժինի գլխաւոր պատասխանատու Արեգ Յովհաննիսեանի գլխաւորած յանձնախումբը մրցանակները շնորհեց այս տարեշրջանին Հայաստանի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին տիրացած, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am-ը:

