ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԱՊԱԶԻՆՄԱՆ ՀԱՐՑԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻՆ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Լիուա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, որ Հըզպալլայի ապազինման թղթածրարը հրապարակաւ չքննարկեն: Ան աւելցուց, որ այդ պայքարը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի, ընդհակառակն` անիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող շիի-սիւննի լարուածութիւնը ամրապնդուի:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ յոռեգոյն պարագային երկխօսութիւնն է, որ վերջ կու տայ համայնքային լարուածութեան եւ առիթ կը ստեղծէ Լիբանանին` փրկուելու շրջանը հարուածող քաղաքական փոթորիկներէն:

Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը` ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական կեանքը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ Ժոմպլաթ մօտիկ ապագային այցելէ Իրան` ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիէն ստացած հրաւէրին: Իրան այցելութեան պարագային, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի պիտի ընկերակցի Ժոմպլաթի:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը գտնուի իր նոյն կեցուածքներուն վրայ, այսինքն` քաղաքացիական պաշտպանութեան կեցուածքին վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ Ժոմպլաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները իրենց նախկին բնոյթին վերադարձած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES